72nd ARS International Convention Concludes, Elects new Central Executive Board

October 12, 2019

(Armenian Below)

The 72nd International Convention of the Armenian Relief Society (ARS) was held in Montreal, Canada, from October 7 to 11, 2019, with the participation of 71 delegates, outgoing members of the Central Executive Board, invited guests, representatives of sister organizations and committees, staff members, and 180 observers. 

Prior to the start of the meeting, on Sunday October 6, 2019, ARS Vice-Chairperson, Nyree Derderian, led a workshop on the Parliamentary Procedures at the St. Hagop Armenian School “Pastermadjian” Hall. Later on, at “Le Chateau Royale,” over 400 guests gathered to celebrate the start of the meeting. Messages were relayed by honored guests, which included, Archbishop Papken Charian, H.E. Ms. Anahit Harutyunyan, Ambassador Extraordinary and Plenipotentiary of the Republic of Armenia to Canada, Ms. Melanie Jolie, Former European Union Parliamentarian, Dr. Eleni Theocarous, and ARF Bureau Representative Raffi Donabedian. 

The meeting was kicked off with the singing of the ARS anthem. On behalf of the ARS Regional Executive Board of Canada, Chairperson Annie Ohanian delivered welcoming remarks and emphasized the need to adopt new ideas in order to achieve new heights. ARS Central Executive Board Chairperson, Caroline Chamavonian, welcomed the delegates and thanked the Regional Executive Board of Canada and its members for their hospitality. She then invited the Convention to observe a moment of silence for departed ARS members. In her remarks, Chamavonian thanked all the entities for their continuous dedication and support of programs in the homeland and throughout the Diaspora in education, health and social services, humanitarian aid, and other domains totalling 12 million US dollars.

Rev. Fr. Datev Mikaelian delivered the invocation for the meeting, followed by former European Union parliamentarian, Dr. Eleni Theocarous, ARF Bureau representative, Raffi Donabedian, and Homenetmen Representative Mosig Topuzian, who relayed their congratulatory messages and well wishes for a successful convention. The meeting also read messages addressed to the Convention from Canada’s Prime Minister Justin Trudeau, Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Society’s Central Executive Board, and St. Hagop Churches Board of Trustees. 

After review of the delegates’ credentials by the Credentials Committee, the convention was brought to order and the officers were elected as follows: Chairpersons Anna Boulgarian (Armenian) and Taline Mkrtschjan (English); and secretaries Maral Touloumian and Hellen Khayat (Armenian) and Nayiri Shahinian and Nora Grigorian (English). 

Following approval of the agenda, the resolutions, archival, and budgeting committee members were elected by the delegates. The Central Executive Board then introduced its guests, Hasmig Derderian and Dr. Arpie Balian, and the convention then elected other guests: Vicky Marachelian, Maral Mekhjian, Maro Froundjian, Liza Gillibert, Pauline Dostumian, and Jojo Bedrossian, all of whom participated in an advisory capacity during the meeting. 

Subsequently, Chairperson Chamavonian presented the  quadrennial report of the CEB along with the newly created Impact Map, presented by ARS Executive Director Verginie Touloumian,  and report of the ARS “Mother and Child” Health & Birthing Center presented by its Director, Dr. Sevak Avagyan, followed by the challenges ahead and equipment needs of the hospital. An on-the-spot donation of 10,000 USD was made by Chake and Nora Gunjians and 1,000 USD by Seta Guevrekian in support of this initiative. 

Delegates then participated in breakout brainstorming and discussion sessions on educational, youth, health and social services, and organizational topics and then shared their respective reports with the entire convention. During the five days, the delegates evaluated the previous four-year term, analyzed various organizational topics and programs, and ratified various resolutions related to programs planned for the next term. The convention also paid particular attention to continuing humanitarian assistance for Syrian-Armenians and homeland initiatives in Artsakh and Javakhk. 

The convention took note of the financial difficulties of the ARS “Bodourian” Nursing Home of Argentina arising from the local economic conditions and the participating chapters and regions collectively raised over 20,000 USD of assistance within minutes. 

During the convention, a call to action was released for ARS entities to support the Armenian communities of Kamishli, Hasakah and Derik affected by the recent military attacks

The Convention concluded with the election of the Society’s new Central Executive Board, whose function is to govern the administrative and organizational aspects of this international organization. The following members were elected to serve on the 2019-2023 board: 

Dr. Nyree Derderian (Western US) – Chairperson

Mayda Melkonian (Eastern US) – Vice-Chairperson

Maral Matossian (Western US) – Secretary

Silva Takvorian (Eastern US) – Treasurer

Arous Melkonian (Western US)

Taline Mkrtschjan (Eastern US)

Arminee Karabetian (Canada)

Hamesd Sassounian (Armenia)

Nelly Vekilian (Middle East)

Liza Gillibert (Europe)

Nora Sevagian (Australia)

ՀՕՄ-Ի 72ՐԴ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Համահայկական 72րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 7 – 11 Հոկտեմբեր 2019ին, Մոնթրէալի մէջ, Գանատա, մասնակցութեամբ 21 երկիրներէ ժամանած 47 Պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 140 ունկնդիր ընկերուհիներու: 

Ժողովի մեկնարկի նախօրեակին, Կիրակի Հոկտեմբեր 6, 2019-ին, տեղի ունեցաւ Ժողովավարական կանոններու աշխատանիստ Սուրբ Յակոբ Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ, ուր Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետուհի, ընկերուհի Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց նիւթը: Երեկոյեան, «Le Chateau Royale» սրահին մէջ աւելի քան 400 ներկաններուն մասնակցութեամբ մեկնարկուեցաւ Պաշտօնական Ձեռնարկ մը ուր ներկայ էին Գանատայի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Խորհրդարանի անդամ, Մելանի Ժոլի, Եւրոխորհուրդի նախկին անդամ, Տոքթ. Էլէնի Թէօխարուս, ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ այլ հիւրերու ներկայութեամբ։ Ողջոյնի եւ քաջալերական խօսքեր փոխանցուեցան։ 

Երկուշաթի առաւօտեան, ՀՕՄի քայլերգը ունկնդրելէ ետք, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, Անի Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ընկերուհիներուն եւ մաղթեց որ «նոր ծրագիրներու եւ իրողութիւններու դէմ հանդիման ըլլանք յստակատես եւ վճռական»: Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ տեղական մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, որոնք ջերմօրէն հիւրընկալեցին ընկերուհիները եւ հրաւիրեց բոլորին որ վայրկեան մը յոտնկայս յարգեն յիշատակը նախորդ քառամեային մեզմէ առ յաւէտ հեռացած ընկեր-ընկերուհիներուն: Շմաւոնեան, Կեդրոնական Վարչութեան անունով նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միաւորներուն, որոնք չորս տարիներու ընթացքին ջանք չեն խնայած ՀՕՄի առաքելութեան իրագործման համար․ առ այն՝ 12 միլիոն տոլարի ներդրումով և ՀՕՄի բոլոր միաւորներու մասնակցութեամբ իրականացուցած են բազմաթիւ բարեսիրական, կրթական, առողջապահական եւ այլ նպատակներու ուղղուած ծրագիրներ։  

Ժողովի բացման հանդիսութեան ներկայ էին, Տէր Տաթեւ աւագ քհնյ. Միքայէլեան որ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց: Յաջորդաբար, խօսքեր առին Եւրոխորհուրդի նախկին անդամ Տոքթ. Էլէնի Թէօխարուս, ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչ Եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան, որոնք իրենց քաջալերական խօսքերը փոխանցեցին ժողովականներուն եւ մաղթեցին որ ժողովը ընթանայ հեզասահ եւ հասնի շինիչ եզրակացութիւններու: Ժողովին նաեւ կարդացուեցաւ ժողովին ուղղուած նամակներ՝ Գանատայի Վարչապէտ Ճասթին Թրուտոյի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հոգեբարձութեան կողմէ: 

Ժողովի կողմէ ընտրուած իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբի կողմէ պատգամաւորներու լիազօրագրերու ստուգումէն եւ վաւերացումէն ետք, ժողովի օրինականութիւնը հաստատուեցաւ եւ ընտրուեցաւ ժողովի մնայուն դիւանը. ատենապետներ՝ Աննա Պուլկարեան (Հայերէնի) եւ Թալին Մկրտիչեան (Անգլերէնի), իսկ քարտուղարներ՝ Մարալ Թուլումեան եւ Հելլեն Խայաթ (Հայերէնի), եւ Նայիրի Շահինեան եւ Նորա Գրիրգորեան (Անգլերէնի)։

Պատգամաւորական ժողովի օրակարգի վաւերացումէն ետք, ժողովը ընտրեց իր Ընտրողական, Բանաձեւի, Արխիւային եւ նախահաշիւի  յանձնախումբերը: Ապա, Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց իր հիւրերը՝ ընկ. Յասմիկ Տէրտէրեան եւ Տոքթ. Արփի Պալեան. ապա՝ ժողովը ընտրեց ընկ․ Վիքի Մարաշլեան, Մարալ Մխճեան, Մարօ Ֆրունճեան, Լիզա Ժիլիպէր, Փոլին Տոսթումեան եւ Ժօժօ Պետրոսեան խորհրդակցական ձայնով մասնակցելու ժողովին: 

Ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց իր քառամեայ տեղեկագիրը որուն կից ներկայացուեցաւ նաև ՀՕՄի լայնածաւալ գործունէութեան քարտէսը Վարիչ Տնօրէն Վերժինի Թուլումեանի կողմէ․ ապա՝ ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Առողջապահական Կեդրոնի Տնօրէն Տոքթ. Սեւակ Աւագյան ներկայացուց հիւանդանոցի աշխատանքները եւ ապագայ գործունէութեան մարտահրաւէրները և նոր սարքաւորումներ ձեռքբերելու պահանջները: Նիւթի կարեւորութենէն խանդավառուած եղաւ սրտաբուխ 10,000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն Ընկերուհին Շաքէ եւ Նորա Կէօնճեաններուն կողմէ եւ 1,000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն Ընկերուհի Սեդա Կէօվրէքեանի կողմէ:  

Այնուհետեւ՝ ժողովականները, բաժնուելով  չորս խմբակներու խորհրդակցեցան և արծարծեցին կրթական, առողջապահական, պատանեկան եւ կազմակերպչական ծրագիրներ: Յաջորդող օրերուն ընթացքին, պատգամաւորները քննարկեցին անցնող քառամեակին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, գնահատեցին կատարուած իրագործումները եւ վաւերացուցին  ծրագիրներ յառաջիկայ քառամեակին համար։ Կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներու կողքին, ժողովը կեդրոնացաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հայրենակիցներուն զօրակցութեան, հայ զինուորի օժանդակութեան, սահմանամերձ գիւղերու յատուկ հարցերուն, Միջին Արեւելքի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ գաղութներու անմիջական կարիքներուն վրայ որդեգրելով համապատասխան բանաձեւումներ եւ ծրագիրներ։ 

Ժողովին ընթացքին, ՀՕՄի Հարաւային Ամերիկայի պատգամաւորները ներկայացուցին Արժանթինի մէջ գործող ՀՕՄի «Պոտուրեան» Հանգստեան Տան երկրի տնտեսական իրավիճակէն փխող  նիւթական դժուարութիւնները, որմէ ետք քանի մը վայրկեաններու մէջ, մօտաւորապէս 20,000 ԱՄՆ տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութիւններ յայտարարուեցան, միաւորներու եւ մասնաճիւղերու անունով: 

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած Սուրիոյ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի քաղաքներուն իրավիճակին՝ կոչ ուղելով իր միաւորներուն եւ հանրութեան անոնց օգնութեան հասնելու: (https://ars1910.org/ars-calls-to-action-syrian-armenian-relief/):  

Իր աշխատանքներու աւարտին, Ժողովը ընտրեց 2019-2023 շրջանի նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը-

Տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – Ատենապետուհի

Մայտա Մելքոնեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – Փոխ-ատենապետուհի

Մարալ Մաթոսեան (Արեւմտեան ԱՄՆ)  – Քարտուղար

Սիլվա Թագւորեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – Գանձապահ 

Արուս Մելքոնեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) 

Թալին Մկրտիչեան (Արեւելեան ԱՄՆ)

Արմինէ Կարապետեան (Գանատա)

Համեստ Սասունեան (Հայաստան)

Նելլի Վեքիլեան (Միջին Արեւելք)

Լիզա Ժիլիպէր (Եւրոպա)

Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա)

<< Back to Recent News