The Armenian Relief Society Courageously Continues Helping our Compatriots of Artsakh

December 13, 2023

Help an Artsakh Family

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կրկնակի թափով կը շարունակէ Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները

Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն իսկ, ՀՕՄ-ը իր աշխարհասփիւռ միաւորներով ընդմիշտ եղած է Արցախի եւ արցախահայութեան կողքին, ան Արցախի մէջ հիմնած է մանկապարտէզներ եւ իրականացուցած է բազմաթիւ բարեսիրական  ծրագիրներ: Բնականաբար, այս տագնապալի օրերուն եւս ՀՕՄ-ը իր օգնութեան ձեռքը կրկին պիտի մեկնէր արցախահայութեան:

19 Սեպտեմբեր 2023-ին` ի տես եւ ի լուր արցախահայութեան դիմագրաւած արհաւիրքներուն,  ՀՕՄ-ի բոլո՛ր միաւորները անմիջապէս գործի անցան եւ, ինչպէս միշտ, շուտով արձագանգեցին Արցախի կանչին` նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսանալու մեր հայրենակիցներուն։

Արցախահայութեան շտապ օժանդակութեան յատկացումներով կատարուեցան հետեւեալ աշխատանքները:

Առաջին փուլ:

Այս փուլին բաժնուեցան աւելի քան 1500 սննդեղէնի եւ մաքրութեան իրերու արկղեր` հետեւեալ պատկերով.-

  • 440 արկղեր տրամադրուեցան Արցախի ներկայացուցչութեան` Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի եւ գաղութի հանգանակած գումարով:
  • Աւելի քան հարիւր արկղեր փոխադրուեցան Գորիս եւ բաժնուեցան այնտեղ հանգրուանած արցախահայութեան:
  • Համագործակցութեամբ շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններուն (ՀՄԸՄ, ՀԵՄ, Համազգային, ՀՅԴ), ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ հայրենիք ժամանած կամաւոր հայորդիներու օգնութեամբ, ՀՕՄ-ի հովանաւորութեամբ Արամ Մանուկեան կեդրոնին մէջ աւելի քան հազար (1000) արկղ սննդեղէն ու մաքրութեան իրեր պատրաստուեցան եւ բաժնուեցան Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ հաստատուած (Երևան, Արագածաոտն, Արարատ, Արմավիր, Շիրակ, Գեղարքունիք, Լոռի, Տավուշ, Սիւնիք, Կոտայք, Վայոց Ձոր) Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու:

Անձնազոհ բարերարներու նուիրատուութեամբ ձեռք բերուած ուտեստեղէն, հագուստներ, անկողնային եւ խոհանոցային իրեր տրամադրուեցան ՀՕՄ-ի կեդրոն դիմած բռնի տեղահանուած արցախահայութեան:

Երկրորդ փուլ

Երկար շաբաթներու արձանագրութիւններէ եւ պատրաստութիւններէ ետք, 18 Նոյեմբեր 2023-ին, ՀՕՄ-ը թափ տուաւ բարեսիրական աշխատանքի 2-րդ փուլին եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան տրամադրեց սննդեղէն եւ մաքրութեան անհրաժեշտ իրեր, որոնք կը բաժնուին  ՀՕՄ-ի  եւ ՀԵՄ-ի ժրաջան անդամներուն միջոցով։

Բարեսիրական այս աշխատանքին 20,000 թոն մաքարոնով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Մենք ենք մեր Սարերը» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը։

Ցարդ ՀՕՄ-ը բաժնած է 7000 արկղ (ամէն մէկ արկղ կը պարունակէ 100 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ սննդեղէն եւ մաքրութեան իրեր) Այսպիսով աւելի քան 30,000 հայորդիներ օգտուած են ՀՕՄ-ի սոյն ծրագիրէն:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը պիտի շարունակէ անաչառ եւ հետեւողական զօրակցութիւն  ցուցաբերել արցախահայութեան` որդեգրելով  այլ երկարաժամկէտ ու մնայուն ծրագիրներ:

 

 

The Armenian Relief Society Courageously Continues Helping our Compatriots of Artsakh

The Armenian Relief Society has consistently supported our brothers and sisters in Artsakh since the early days of the Liberation War. Their commitment is evident through various humanitarian programs, establishing kindergartens, and ongoing assistance efforts. Demonstrating unwavering dedication to the well-being of Artsakh compatriots, the ARS remains steadfast in addressing the current adversities faced by our Artsakh brethren.

Following the cruel attack on Artsakh on September 19, 2023, the Armenian Relief Society, alongside its global entities, swiftly responded to the critical situation by providing essential financial and moral support. The results achieved through the funds include the distribution of over 1,500 boxes of food and essential needs.

In the initial aid phase:

  • 440 boxes were distributed to Artsakh compatriots from funds provided by ARS Australia.
  • Over 100 boxes were dispatched to Goris for distribution to Artsakh compatriots seeking refuge across the Armenian border.
  • In collaboration with sister organizations (Homenetmen, Hamazkayin, ARF, and AYF) and aided by volunteers from various countries, ARS packaged and distributed 1,000 boxes to Artsakh compatriots settling in different regions of Armenia, such as (Yerevan, Aragatsotn, Armavir, Ararat, Shirak, Lori, Gegharkunik, Tavush, Syunik, Kotayk, Vayots Dzor)

The ARS Armenia office received generous donations of food, clothing, bedding, and kitchen utensils from kindhearted donors, benefitting Artsakh compatriots.

Initiating the second phase on November 18, 2023, the ARS continued distributing additional boxes of food and essential needs to Artsakh compatriots with the support of dedicated ARS and AYF members. The “We Are Our Mountains” Foundation contributed significantly to this phase by providing 20,000 tons of pasta.

To date, the ARS has successfully distributed more than 7,000 boxes (each containing $100 value of food and essential needs), aiding over 30,000 people in Artsakh. The commitment persists as the Armenian Relief Society plans to adopt new long-term and permanent projects supporting our brothers and sisters in Artsakh.

<< Back to Recent News