Յոյս եւ Կայունութիւն. Արցախահայ Բազմազաւակ Ընտանիքներուն | Hope & Resilience: Sustainable Multi-Family Housing for Artsakh Armenians

July 7, 2024

Յոյս եւ Կայունութիւն. Արցախահայ Բազմազաւակ Ընտանիքներուն

Հայ Օգնութեան Միութեան «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2024ին, կը նպատակադրէ հարազատ երդիքով մը ապահովել արցախահայ ընտանիքներ, որոնք Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի հայաթափմամբ, կորսնցուցին իրենց բնակարանները։

«Յոյսի Օճախներ» ծրագրով արդէն իսկ գնուած է երկու բնակարաններ՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։ Բնակարանները կը գտնուին նորոգութեան ընթացքի մէջ, ինչպէս՝ կոյուղիներու նորոգութիւն, հորի պատրաստութիւն, պեթոնէ օղակներու տեղադրում։

Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ նպատակներուն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ ճիգեր թափել՝ կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նոր բնակարաններ գնելու եւ զանոնք հիմնովին վերանորոգելէ ետք, յանձնել արցախահայ ընտանիքներու։

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ջերմ փափաքն է, որ կարելի եղած չափով նկատառելի թիւով արցախահայ ընտանիքներ ձմեռը դիմաւորեն իրենց հարազատ երդիքին տակ։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հաւատայ, որ հաւաքական ճիգերով եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։

ՀՕՄի ԿՎ.եան սոյն ծրագրին կարելի է աջակցիլ՝ միանալով ընկերային ցանցերու վրայ իր ունեցած էջերուն կամ օգտագործել https://ars1910.org/hearthsofhope/ կապը։

Հայ Օգնութեան Միութիւն

*********

Hope & Resilience: Sustainable Multi-Family Housing for Artsakh Armenians

The “Hearths of Hope” Program, initiated by the Armenian Relief Society in January 2024, is dedicated to offering homes to Artsakh families who have been displaced due to Azerbaijani attacks.

Through this program, two houses were purchased in Akhourik Village, Shirak Region. The houses are currently undergoing renovations, including installing sewer systems or septic tanks and digging new wells to enhance the overall infrastructure.

The Armenian Relief Society is steadfast in its commitment to its mission, actively seeking to purchase and renovate more houses for families displaced from Artsakh.

The ARS CEB is hopeful that many displaced families from Artsakh will be able to spend the upcoming winter in the comfort of their own homes.

The Armenian Relief Society is confident that the “Hearths of Hope” program will successfully fulfill its noble objectives through the collective efforts and shared responsibility of our global entities and devoted supporters.

You can support the ARS programs by visiting the ARS social media page or https://ars1910.org/hearthsofhope/

Armenian Relief Society

<< Back to Recent News