Համաշխարհային Շտապ Օժանդակութեան Զօրաշարժ ՀՕՄ-ի կողմէ | The Armenian Relief Society Mobilizes Global Emergency Relief

March 29, 2020

We are in the midst of an international emergency that is affecting all of us locally, along with significant and immediate consequences on our diaspora, our communities, and our homeland. The Armenian Relief Society Central Executive Board (CEB) urges all its members to stay well and safe. Social distancing and the avoidance of crowded places are essential to overcoming the COVID-19 pandemic.

We have the utmost confidence in our entities and members who continue to support our communities especially the most vulnerable – our elderly and those in need. It is with everyone’s cooperation and shared resources where it matters the most that we can overcome this pandemic and keep our communities strong.

The ARS CEB responded immediately to the COVID-19 crisis by sending one ton of medical supplies to Armenia and Artsakh, in partnership with Chevy Chase Surgical Center, Armenia Fund, and the Ani and Narod Family Foundation. We are currently working on a second shipment to help our compatriots in Artsakh, and we need your assistance. Donate here

Furthermore, the ARS of Armenia has transferred $1,000USD to the Republic of Armenia, Ministry of Health, as well as $5,000USD to the Veterans Rehab Center at the Heratsi Hospital Complex, Children’s division in Yerevan, Armenia.  Several ARS regions and chapters have teamed up with local organizations, Government entities, and churches to help at-risk community members

The ARS has also set up a Global Emergency Response Fund which will accept donations of medical equipment and funds to help reach out to our communities across the globe. The purpose of the Fund is to support those in need during this time of hardship — to help with vital necessities to sustain the wellbeing of our compatriots.

If you are willing and able to assist, please contact your local entity to see how you can lend a helping hand. Information is also widely available on our website (www.ars1910.org), social media, and local papers.

For everyone’s safety, the ARS CEB has decided to postpone the 110th Celebratory events which were scheduled to take place in Armenia and Artsakh from August 30-September 10, along with the 7th International Cruise which was scheduled in November of 2020. We will be rescheduling all events when risk of spreading the virus comes to an end.

The ARS has a proven track record that reaches over a century. Thanks to the efforts, dedication and determination of our members we can maintain high standards of service and quick response times. Equivalently, our valued supporters have continuously answered our call to action — thank you, your continued support ensures our ability to sustain our global Armenian communities and lend a helping hand where it is most needed.  

If you would like to give to the Global Emergency Response Fund please click the following link www.ars1910.org/give or mail your check Payable to: Armenian Relief Society, Inc. 80 Bigelow Ave., Suite 300, Watertown, MA 02472.


Համաշխարհային ներկայ ճգնաժամը, ստեղծուած “Քորոնա”ժահրին հետեւանքով, հսկայական անդրադարձ ունի տեղական թէ՝ համահայկական բոլո՛ր գաղութներէն ներս։ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր բոլոր անդամներէն կը պահանջէ մնալ զգօն եւ ապահով։ Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ խճողուած վայրերէ խուսափիլը հիմնական են յաղթահարելու այս համաճարակը։

Վարչութիւնս համակ վստահութիւն ունի ՀՕՄ-ի Միաւորներուն եւ անդամներուն վրայ, որոնք կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն, նա մանաւանդ մեր համայնքներէն ներս գտնուող աւագ անդամներուն եւ կարիքաւորներուն, որոնք յաւելեալ խնամքի կը կարօտին։ Հաւաքական ուժերով եւ միասնական աշխատանքով է, որ պիտի կարենանք շրջանցել այս հանգրուանը եւ հզօր պահել մեր գաղութները։ 

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը անմիջապէս անդրադարձաւ համաշխարհային այս տագնապին եւ իր նախնական աջակցութիւնը բերաւ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն։ Chevy Chase Վիրաբուժական Կեդրոնին, Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամին եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին հետ գործակցաբար, մէկ թօնօ բժշկական իրեր ուղարկուեցան Հայաստան եւ Արցախ։ Ներկայիս յաւելեալ աշխատանք կը տարուի շտապ օգնութեան երկրորդ բաժինը ապահովելու։ Արցախի մեր հայրենակիցներուն աջակցելու համար, համահայկական օժանդակութեան կարիքը ունինք։ Նուիրատուութեանց համար այցելել՝  https://www.ars1910.org/give ։

Առաւելաբար, Հայաստանի ՀՕՄ-ը $1,000ԱՄՆ փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան, ինչպէս նաեւ $5,000ԱՄՆ՝ Երեւանի Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնի Երեխաներու բաժանմունքի։ ՀՕՄ-ի զանազան շրջաններ եւ մասնաճիւղեր միացած են քոյր կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն, եւ Կառավարական կառոյցներու՝ օգնելու համար մեր համայնքներէն ներս գտնուող վտանգուած եւ անապահով խաւին։

ՀՕՄ-ը հիմնեց Համաշխարհային Տագնապի Շտապ Օգնութեան ֆոնտը, որուն միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ նիւթական թէ՛ բժշկական սարքերու նուիրատուութիւններ ստանալ, մեր գաղութներուն օժանդակելու նպատակով․ ինչպէս նաեւ ներկայ նեղ օրերուն նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորներուն, անոնց տրամադրելով ապրուստի նուազագոյն պէտքերը։ 

Եթէ կը փափաքիք եւ կարողութիւնը ունիք օժանդակելու, կը խնդրենք կապ հաստատէք ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի վարչութեան հետ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կայքէջը (https://www.ars1910.org/),  ընկերային ցանցերը եւ հետեւիլ տեղական թերթերուն։

Մեր հայրենակիցներուն ապահովութիւնը նկատի առնելով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշում առաւ յետաձգել ՀՕՄ-ի 110ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենային Օգոստոս 30էն Սեպտեմբեր 10, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Յետաձգուած է նաեւ ՀՕՄ-ի 7-րդ Նաւապտոյտը, որը պիտի իրագործուէր Նոյեմբեր 2020ին։ Բոլոր ձեռնարկներուն նոր ժամանակացոյցը կը յստականայ երբ ժահրի տարածման վտանգը վերջնականապէս դադրի։

Փաստօրէն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, մէկ դարէ աւելի պատմութիւն կերտած է։ Շնորհիւ մեր անդամներուն նուիրումին եւ վճռականութեան, ինչպէս նաեւ մեր համակիրներու նեցուկին, կարողացած ենք եւ կը շարունակենք բարձրորակ ծառայութիւն տրամադրել մեր աշխարհասփիւռ գաղութներուն, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ։ Ձեր շարունակական քաջալերանքը կ՛ապահովէ մեր կարողութիւնը պահելու համար հայ գաղութները եւ ձեռք երկարելու՝ հոն ուր կարիքը կայ։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ։

Համաշխարհային Շտապ Օգնութեան ֆոնտին նուիրատուութիւններու համար կրնաք հետեւիլ  https://www.ars1910.org/give հասցէին կամ ձեր նուիրատուութիւնները ղրկել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակ՝  Armenian Relief Society, Inc. 80 Bigelow Ave., Suite 300, Watertown, MA 02472.

For Further Information, please visit: 

<< Back to Recent News