An Exemplary Donation to the ARS Health Center in Akhourian

July 3, 2018

The Central Executive Board of the Armenian Relief Society is pleased to announce a generous contribution of 200,000 Australian dollars ($153,000 US dollars) received from the late Harutiun and Dzovinar Mateossian’s will, whose faithful support of the ARS past and present programs never wavered until their passing in 2017. Mateossian bequeathing the above amount to the Armenian Relief Society in their will is a testament of their life-long trust in the humanitarian mission of the Armenian Relief Society.

In appreciation of this generous grant, ARS Australia’s Chairperson, Nora Sevagian stated: “The decision to dedicate such a large sum to the ARS “Mother & Child” Health and Birthing Center illustrates the donors’ exemplary dedication to the community and homeland.”

In the same spirit, ARS, Inc. Chairperson, Caroline Chamavonian noted: “It is through the unwavering financial support of donors such as the Mateossians, that our organization is able to succeed and fulfill its mission.”

In 1997, the Akhourian site was chosen by the ARS, to build this Ministry of Health licensed, non-profit Health Center, operating entirely with the financial support of the ARS. At its inception, the Health Center was meant to serve a population of some 22,000, living in the Akhourian Region’s six adjacent villages. Today, after eight years of continuous service, the Center has expanded its reach to over 150,000 patients, covering a large area of the Shirak Province.

The center is staffed with medical experts and support personnel and operates with modern equipment, including Sonography and Mammography units, microsurgery tower, and provides gynecological, pediatric pre and post-natal care, all free of charge to the residents of the region. With the addition of the Birthing Center wing in 2005, the survival rate of both mothers and new-born infants has improved considerably, bringing the effective care of women’s and infants’ health in the region to full cycle. Earlier this month, the Center welcomed Baby Karekine, its 15,000 newborn child. In 2005, the staunch supporters sponsored the surgical ward at the center.

Cognizant of these achievements in Akhurian, within the same month, ARS member, Ishkhanuhi Simonian, in celebration of the 50th anniversary of her wedding, donated the sum of 30,000 Australian dollars, half of which will be allotted to the ARS “Mother & Child” Center, where the ARS has established a special fund offering a gift of $150 US dollars to each family blessed with its second girl child delivered at the “Mother & Child” Birthing Center. Community members who would like to “Sponsor a Daughter” at the Birthing Center can make contributions here https://ars1910.org/give/.

Established in 1910, the ARS operates in 27 countries, serving the humanitarian needs of Armenians and non-Armenians alike. Through its avowed mission and numerous philanthropic projects, the organization has empowered women to make an impact on their communities and has promoted education, health, and humanitarian aid.

Arm. Translation

Օրինակելի նուիրատուութիւն ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Առողջապահական Կեդրոնին

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կուգայ տեղեկացնելու 200,000 աւստրալիական տոլար ($153 000 ամերիկեան) յատկացում մը Հայ Օգնութեան Միութեան՝ ըստ հանգուցեալ Տիար Յարութիւն եւ Օրիորդ Ծովինար Մատթէոսեաններու կտակի ցանկութեան։ Մատթէոսեան ամոլը, մի՛շտ պատրաստ օգնելու ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներու լաւագոյնս գործադրման, իրենց մահկանացուն կնքեցին 2017 թուին, կտակելով վերոյիշեալ գումարը Հայ Օգնութեան Միութեան՝ որպէս գրաւակա՛ն այն հաւատքին որ անոնք ունէին ՀՕՄ-ի մարդասիրական առաքելութեան եւ անկէ բխող այլազան ծրագիրներուն կենսարար արդիւնաւորման վրայ։

Ի դիմաց այս առատաձեռն նուիրատուութեան, Աւտրալիոյ ՀՕՄ-ի ատենապետուհի՝ ընկերուհի Նորա Սեւակեան նշեց.- «Այսպիսի մեծ գումար մը ՀՕՄ-ի ‘Մօր ու Մանկան’ Առողջապահական Կեդրոնին ու ծննդատան յատկացնելու որոշումը ցոյց կուտայ կտակարարներուն օրինակելի նուիրու՛մը հանդէպ գաղութին ու հայրենիքին»:

Նոյն ոգիով, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Գարոլին Շմաւոնեան ըրաւ հետեւեալ հաստատումը.- «Մատթէոսեան ամոլի նման բարերարներու անվարան նիւթական ու բարոյական ներդրումնե՛րն են որ մեր Միութեան կարողականութիւնը կու տան իրականացնելու իր առաքելութեան պահանջները յօգուտ մեր ժողովուրդին»:

Մօտ քառորդ դար առաջ, 1997 թուին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը որոշեց Ախուրեանի մէջ կառուցել ու պահել Առողջապահական նախարարութեան կողմէ վաւերացուած, ոչ-շահաբերական Առողջապահական կեդրոն մը՝ ՀՕՄ-ի ամբողջական նիւթական յատկացումներով։ Սկզբնական շրջանին, Կեդրոնը կոչուած էր Ախուրեան շրջանի վեց մօտակայ գիւղերու 22,000 բնակիչներուն ծառայելու։ Այսօր, երկու տասնամեակներու ծառայութենէ ետք, Կեդրոնը իր խնամքը տարածած է Շիրակի մարզի աւելի քան 150,000 հիւանդներու։

Իր վկայեալ, մասնագիտացած բժշկական անձնակազմով, Կեդրոնը իր տրամադրութեան տակ ունի հարկ եղած արդիական բոլոր սարքաւորումները, ներառեալ ձայնագրական եւ ստինքազննական ելեկտրոնային գործիքներ, անհրաժեշտ՝ կնախտաբանական, մանկաբարձական ու մանկաբուժական քննութիւններու եւ հարկ եղած խնամքի մատակարարման՝ մատչելի շրջանի բոլոր բնակչութեան՝ անվճար։ 2005 թուին, Ծննդատան կեդրոնին յաւելումով, նշանակելիօրէն աւելցած է անվթար ծնունդներու թիւը՝ առաջքը առնելով անտեղի մահացումներու հաւանականութեան։ Յունիսի սկիզբը, Կեդրոնը բախտաւորուեցաւ Փոքրիկն Գարեգինով, որ դարձաւ ծննդատան 15,000-րդ նորածինը: Հանգուցեալ զոյգը բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի աշխատանքները, 2005 թուականին հովանաւորեցին գործողութեան սենեակը:

Ի տես Ախուրեանի մէջ իրականացուած յաջողութիւններուն, նոյն ամսուայ ընթացքին, շարքային ՀՕՄուհի՝ Իշխանուհի Սիմոնեան 30,000 աւստրալիական տոլար նուիրեց ՀՕՄ-ին՝ իր ամուսնութեան 50րդ տարեդարձին առիթով։ Այս գումարին կէսը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Ախուրեանի ‘Մօր ու Մանկան’ Առողջապահական Կեդրոնին ու ծննդատան՝ ուր ՀՕՄ-ը հաստատած է յատուկ ֆոնտ՝ որուն հասոյթէն 150 ամերիկեան տոլար կը յատկացուի ա՛յն ընտանիքներուն՝ որոնք կը բախտաւորուին իրենց երկրորդ աղջիկ զաւակի ծնունդով՝ աշխարհ եկած ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան ծննդատան յարկին տակ։ Փափաքողները կրնան իրենց նուիրատուութիւնները կատարել սոյն կայքէջով https://ars1910.org/give/:

1910-ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) 27 երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:

<< Back to Recent News