ՀՕՄը Ուխտեալն է Հայ Օգնութեան Սուրբ Գործին

April 30, 2022

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Օրերս աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութիւնը, որպէսզի իր գործնական աշխատանքներուն առընթեր գտնուի իր հայրենի ժողովուրդի կողքին եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն մեր սրբացած զոհերու յիշատակին։

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը 20-22 Ապրիլ 2022ին գումարեց իր եռօրեայ լիագումար ժողովը ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնէն ներս եւ ծրագրեց հայրենի իր անմիջական աշխատանքները։

Կարեւոր այս աշխատանքներու առաջինը հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն  վիրաւոր զինուորներու բուժման նպաստող Ախտորոշման Տարրալուծարանի բացումն էր, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022 կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, «Հայրենիքի Պաշտպան Վերականգնողական կեդրոն»ին մէջ, մեծ թիւով ՀՕՄուհիներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ։ Տարրալուծարանի հովանաւորութիւնը սիրայօժար ստանձնած են Հայ Օգնութեան Միութիւնն ու One Armenia  կազմակերպութիւնը։ Բժշկական խիստ կարեւոր սարքերով օժտուած էական այս սենեակը անուանուեցաւ նահատակ ազատամարտիկ, ՀՕՄի մօտիկ բարեկամ տոքթ. Նորայր (Նորիկ) Շահպազեանի անունով, անձնաւորութեան մը, որ միշտ եղած էր ՀՕՄի կողքին եւ մասնակցած էր Արցախի պաշտպանական բոլոր մարտերուն եւ հոգացած էր իր զինակից ընկերներու բժշկական կարիքները։

Հանդիսաւոր այս բացման արարողութեան իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Դոկտ. Նայիրի Տէրտէըեանը, ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Զոյա Քոչարեանը, One Armenia  կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անահիտ Նազարեանը, Վերականգնողական կեդրոնի պատասխանատուներ Տոքթ. Արմէն Մուրատեանն ու Հայկուհի Մինասեանը։ Բոլոր ելոյթ ունեցողներն ալ ընդգծեցին տարրալուծարանի կարեւորութիւնը քաջարի հայ զինուորներու բժշկութեան մէջ եւ խոստացան միշտ զօրավիգ կանգնիլ անոնց։ Ապա, ներկաները մէկ առ մէկ մօտեցան սրահի մէջ տեղադրուած բժշկական սարքերուն եւ ծանօթացան անոնց  արդիւնաւէտ մանրամասնութիւններուն։ Փոքրիկ հիւրասիրութենէ ետք ներկաները սրտի մեծ գոհունակութեամբ հեռացան կեդրոնէն, վիրաւոր հայ զինուորին իրենց օգտակար ծառայութիւնը շարունակելու վճռակամութեամբ։

Շաբաթ, 23 Ապրիլի յետմիջօրէին, ՀՕՄի կեդրոնական եւ Հայաստանի Շրջանային Վարչութեանց կազմակերպութեամբ Հայրենի ՀՕՄի մասնաճիւղերէն կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Եռաբլուր եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանական մարտերուն զոհուած մեր քաջարի զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար կատարուող հոգեհանգստեան պաշտօնին։ Ապա, Կեդրոնական վարչութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց Եռաբլուրի մուտքին տեղադրուած անհետ կորած հայ զինուորի յուշարձանին առաջ եւ Սօսէ Մայրիկի շիրիմին։ ՀՕՄուհիները ծունկ մը աղօթք կատարեցին եւ խունկ վառեցին հայութեան եւ յատկապէս հայ կնոջ պարծանքը հանդիսացող այն ֆետայիին անթառամ յիշատակին, որ ամուսնոյն՝ Սերոբի կողքին, իր երկու կռիւներով քաջաբար կռուեցաւ յանուն հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան։

«Այս Սրբավայրին մէջ կը ննջեն երկու սերունդներ։ 90ականներու քաջարի սերունդը, որ յաղթանակներ պարգեւեց մեզի, իսկ երկրորդը՝ 44-օրեայ պատերազմի սերունդը, որ քաջաբար դիմադրելով թշնամիին փորձեց պաշտպանել Արցախն ու Հայաստանը։ Մենք պարտաւոր ենք շարունակել անոնց կիսատ թողած ազգային պարտականութիւնը, միշտ անթառամ պահելով մեր նահատակներու յիշատակը», շեշտեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանը։

Այնուհետեւ ՀՕՄուհիները Իրենց իտէալը հանդիսացող Սօսէ Մայրիկի շիրիմին շուրջ ոգեւորութեամբ խմբերգեցին «Մենք Ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին» ՀՕՄի քայլերգը եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ օգտակար հանդիսանալու մեր ազգին ու հայրենիքին։ Սօսէ Մայրիկի շիրիմին հրաժեշտ տալէ ետք ՀՕՄուհիները այցելեցին մեր հին ու նոր նահատակներու շիրիմները եւ իրենց հպարտանքն ու յարգանքը աղօթքով մատուցեցին անոնց։

ՀՕՄուհիներու յաջորդ հանգրուանը եղաւ Պռոշեանի Նահատակաց պանթէոնը, ուր եւս կը ննջեն Արցախի ազատագրական մարտերուն մասնակից մեր հին ու նոր հերոսները։ ՀՕՄուհիները աղօթեցին, խունկ վառեցին եւ ծաղիկներ դրին մեր նահատակներու շիրիմներուն վրայ եւ մխիթարական խօսքերով զրուցեցին պանթէոն գտնուող անոնց հարազատներուն հետ։ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով սրտի խօսք փոխանցեց Նորա Սեւակեանը, որ վեր առնելով մեր նահատակներու խիզախութիւնը, հայրենասիրութեան ոգին եւ արեան գնով հայրենի հողը պաշտպանելու պատրաստակամութիւնն ու նահատակութիւնը, իր հպարտանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց նահատակներու մայրերուն, որոնք նման հերոսներ պարգեւած են հայ ժողովուրդին։

Օրը երկար էր եւ յուզիչ, սակայն առաւել հայրենասիրութեամբ լեցուած ՀՕՄուհիները, նոյն օրը երեկոյեան մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած ջահերով երթին, առանց յոգնութեան մղոններ քալեցին եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմառ կրակին շուրջ ծաղիկներ դնելով յարգեցին յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն սրբացած անմեղ նահատակներուն։

ՀՕՄի մեծ ընտանիքը միշտ պատնէշի վրայ է եւ անշահախնդրօրէն կը ծառայէ իր ժողովուրդին՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս։ Աշխարհաձրիւ ՀՕՄը իր օժանդակութեան ձեռքը կ՚երկարէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին։ ՀՕՄի համար սակայն ամենաթանկագինը հայրենիքի կանչն է, որ երբեք անպատասխան պիտի չմանյ, ի գին ամէն զոհողութեան, որովհետեւ ՀՕՄը ծնունդ առած է իր ժողովուրդի ծոցէն, իր իսկ ժողովուրդին ծառայելու համար «Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին»։

Երկուշաբթի, 25 Ապրիլին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց ՀՕՄի  Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Առաղջապահական կեդրոնն ու Ծննդատունը, ուր մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի մանրամասնութիւններուն, բժշկական արդիական սարքերուն, տարուող օգտակար աշխատանքներուն, շնորհաւորեց նորածիններու մայրերը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց անձնակազմին, իր տարած բծախնդիր ու արդիւնաւէտ աշխատանքներուն համար։ Ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց Գիւմրիի «Շիրւանեան» կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն ՀՕՄի եւ ՀԵՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ, ականչալուր եղաւ անոնց գործունէութեանց եւ խրախուսեց զանոնք իրենց հայրենանուէր գործունէութեան համար։ Այնուհետեւ անոնք մեկնեցան Չէրքէզի Ձոր, ուր Ծննդատան գլխաւոր բժիշկներուն հետ մտերմիկ ճաշ մը ունենալէ ետք, լսեցին անոնց ներկայացուցած ծննդատան ապագայ ծրագիրները եւ օգտակար քննարկումներ կատարեցին անոնց շուրջ։

ՀՕՄի մեծ ընտանիքը միշտ պատնէշի վրայ է եւ անշահախնդրօրէն կը ծառայէ իր ժողովուրդին՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս։ Աշխարհաձրիւ ՀՕՄը իր օժանդակութեան ձեռքը կ՚երկարէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին։ ՀՕՄի համար սակայն ամենաթանկագինը հայրենիքի կանչն է, որ երբեք անպատասխան պիտի չմնայ, ի գին ամէն զոհողութեան, որովհետեւ ՀՕՄը ծնունդ առած է իր ժողովուրդի ծոցէն, իր իսկ ժողովուրդին ծառայելու համար «Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին»։

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան գործնական աշխատանքները կը շարունակուին։ Յաջորդ հանգրուանը Արցախն է։ Հետեւեցէք Մամուլին։

 

IMG_3172-scaled

Image 1 of 11

<< Back to Recent News