ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

November 11, 2020

Երբ տակաւին Արցախի բոլոր ռազմաճակատներուն վրայ Հայոց բանակը կը շարունակէր դիմադրել թշնամիին զօրքերը, Նոյեմբեր 9, 2020-ին ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինյանին կողմէ պատերազմի դադրեցման մասին եռակողմանի համաձայնագրի յայտարարութիւնը ցնցեց համայն հայ ազգը։

Հայ ժողովուրդին համար պարտուողական այս համաձայնագիրը ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել մեր ազգային նկրտումներուն՝ հասնելու մեր համահայկական ազգային, թէ մարդկային իրաւունքներու վերահաստատման։

Ի տես Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը մնայ այն պատնէշներուն վրայ, զորս հաստատած էր Արցախի տարածքին երեք տասնամեակներ առաջ։ Մենք հաստատակամ կը շարունակե՛նք մեր մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանքները ուր որ հարկը կը ներկայանայ։ Համոզուած ենք, որ միայն միասնական ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել այսօրուան համահայկական ճգնաժամը։ Կը խոնարհինք նուիրեալ հայ նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ թիկունք կը կանգնինք անմահացած հերոսներուն ընտանիքներուն, հայ զինուորին եւ Արցախի համայն ժողովուրդին։

 

While on all fronts of Artsakh the Armenian fighters were still resisting the onslaught of the combined forces of our enemies, on November 9, 2020, Prime Minister of Armenia, Nikol Pashinyan’s signing of a tri-partite armistice document shook up the entire Armenian nation.

The signing of this defeatist document can in no way influence our determination to reach the realization of our long ignored national and human rights.

In view of the present conditions in both Artsakh and Armenia, the Armenian Relief Society remains firmly on the same bastions it had raised — and still maintains — across Artsakh three decades ago. We shall continue our humanitarian activities wherever the need arises․ We are firmly convinced, that the present global Armenian crisis can be confronted only with united efforts.

We bow in deep sorrow and admiration to the precious memory of our martyred heroes, and pledge to remain ever supportive to their grieving families, as we do to the fighting men and the entire heroic population of Artsakh.

<< Back to Recent News