Բացում Հոգեբանական Կեդրոնի Կումայրիի Մէջ

December 10, 2018

Դոկտ. Մելինէ Գարագաշեան

Մայիս 25-ին Կումայրիի մէջ, բացումը կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Երկրաշարժի Օգնութեան Ֆոնտին հովանաւորած՝ Հոգեբուժական Մասնաճիւղի Քլինիքին: Քլինիքի կառուցումը մէկ տարուայ աշխատանք էր, որ կատարուեցաւ դժուարին պայմաններու տակ, նկատի ունենալով շինարարութեան անհամար արգելքները աղէտեալ գօտիին մէջ: Վայրը տրամադրուած էր ՀՕՄին քաղաքապետութեան կողմէ:

Հարիւր յիսունէ աւելի հիւրերը ներկայացուցիչներ էին քաղաքական, առողջապահական ու կրթական զանազան մարզերու: Եկած էին Երեւանէն, Սպիտակէն եւ Կիրովականէն:

Անահիտ Դեւոսեան, իր բացման խօսքին մէջ ներկայացուց Քլինիքի անձնակազմը ու յիշեց ամերիկահայ մասնագէտներու օժանդակութիւնը: Խօսք առին Տոքթ. Սամուէլ Թորոսեան՝ գլխաւոր հոգեբոյժ Հայաստանի, Տոքթ. Ա. Սուճեան՝ գլխաւոր բժիշկ Կումայրիի, եւ ներկայացուցիչներ Կրթութեան, Առողջապահութեան եւ Արդիւնաբերութեան Մինիստրութիւններէն: Բանախօսերը գնահատեցին ՀՕՄի հոգեբուժական Մասնաճիւղի տարած նուիրական աշխատանքը վերջին երեք տարիներու ընթացքին, եւ արժեւորեցին Քլինիքի գոյութիւնը: Ներկայ էին Տոքթ. Նորայր Դարբինեան, Երեւան քաղաքի գլխաւոր հոգեբոյժ եւ Պր. Ռուբէն Սարգիսեան՝ Լուսաւորութեան Մինիստրութենէն: Վերջին երեք տարիներու ընթացքին Տոքթորներ Դարբինեան, Թորոսեան, եւ Պր. Սարգիսեան սիրայօժար տրամադրած են իրենց ժամանակը արտասահմանեան մասնագէտներու աշխատանքը դիւրացնելու նպատակով:

ՀՕՄի հոգեբուժական մասնաճիւղը հիմնուած է Տոքթ. Արմէն Կէօնճեանի կողմէ, որը երկրաշարժէն երկու ամիս ետք կարողացաւ ուսումնասիրել աղէտեալ գօտիի հոգեբանական կարիքները թէրափիստ՝ Անի Գալայճեանի հետ: Միացեալ Նահանգներ վերադարձին՝ ան կազմեց խմբակներ բաղկացած հոգեբաններէ, հոգեբոյժերէ եւ այլ հոգեկան առողջութեան ծառայողներէ, եւ պարբերաբար խմբակները ուղարկեց աղէտեալ գօտի: Երեք տարիներու ընթացքին 12,000 մանուկներ, պատանիներ ու չափահասներ հոգեբանական միջոցառում ստացան, ընդամէն 60 ինքնակամ աշխատողներու կողմէ, որոնցմէ որոշ թիւ մը չորս կամ հինգ անգամ աշխատեցան աղէտեալ գօտիին մէջ:

Մինչեւ տեւական Քլինիքի հիմնադրութիւնը, թերափիստները աշխատեցաւ Կումայրիի եւ Սպիտակի դպրոցներուն մէջ, որոնք վրաններու տակ զետեղուած էին: Ապա՝ ՀՕՄի շարժական քլինիքը օգտագործուեցաւ Կումայրիի մէջ եւ փեթակի նման փոքր շինութիւններ՝ Սպիտակի մէջ: Ամիսներու ընթացքին արտասահմանեան մասնագէտներ մօտէն աշխատեցան հայաստանաբնակ թերափիստներու հետ եւ ապրեցան անոնց նման, դժուարին պայմաններու մէջ, լաւապէս զգալով աղէտեալին կսկիծը:

Աղէտի հոգեբանական հակազդեցութիւնը կը բացատրուի որպէս «Post traumatic stress disorder» հոգեբուժական սահմանումով: Այս կը բաղկանայ վախի, տխրութեան, վարքային ֆիզիքական զանազան արտայայտութիւններէ, որոնք անմիջական միջոցառումի կարիքը ունին մշտական չդառնալու համար: Նկատի ունենալով թէ երեխաները պաշտպանողական միջոցներ չունին ինչպէս չափահասները, անոնք կը նկատուին ամենավտանգուած տարրը տրաւմայէն ետք: Այս պատճառով, Հոգեբուժական Մասնաճիւղի ուշադրութեան առարկան դարձած են երեխաներն ու պատանիները:

Քլինիքի բացման արարողութեան ընթացքին՝ խօսք առաւ Տոքթ. Արմէն Կէօնճեան եւ ներկայացուց Հոգեբանական Կեդրոնի ներկայի յանձնառութիւնն ու ապագայի հեռանկարը: Տոքթ. Կէօնճեան նկատեց «ՀՕՄի այս Քլինիքը թող խորհրդանիշ ըլլայ ա’յն միասնական աշխատանքին որ կը յաջողցնէ շինարարութիւնը Կումայրիի մէջ»:

Տոքթ. Կէօնճեան գովասանքով ներկայացուց Հոգեբոյժ՝ Մուշէղ Նաճառեանին, որը մէկ տարիով թողած է իր ընտանիքն ու գործը Նիւ Եորքի մէջ, կեդրոնի քլինիքային եւ վարչական աշխատանքները վառելու: Տոքթ. Նաճառեանի յանձնառութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ հոգեբոյժերու եւ հոգեկան առողջութեան աշխատողներու պատրաստութիւնը: Տոքթ. Նաճառեան, խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքի զանազան պատասխանատուներուն որ դիւրացուցին Քլինիքի շինարարութիւնը, Կումայրիի դժուարին պայմաններու մէջ, եւ ներկայացուց հոգեբանական ծառայութեան ծրագիրը:

Խօսք առին նաեւ Կիրովականի «Առալէզ» եւ Կումայրիի «Յուսոյ Փարոս» հոգեբանական կեդրոններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գագիկ Մանուկեան՝ ՀՕՄի Քլինիքի անձնակազմին կողմէ:

Տոքթ. Կէօնճեան պատուոգիրեր ներկայացուց ներկաներէն շատերուն՝ գնահատելով անոնց նուիրումն ու աշխատանքը:

Աւանդական մուտքի ժապաւէնը կտրելէ ետք, ներկաները հրաւիրուեցան այցելելու աշխատանքային սենեակներն ու բնակավայրը, որոնք կը գործածուին որպէս օթեւան Երեւանէն եւ արտասահմանէն եկող աշխատողներուն համար:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ միրգերու եւ ըմպելիներու շուրջ եղած խմբական հետաքրքրական խօսակցութիւններով: Ներկայ էին ՀՕՄի Կումայրիի ներկայացուցիչը, Նեվրոզներու Հանրապետական Հիւանդանոցի տնօրէն՝ Տոքթ. Պարգեւ Յակոբեան եւ վիրաբոյժ Սեդրակ Խաչատրեան այլ պատուական հիւրերու կարգին: Վերջինս՝ երկրաշարժին յաջորդող ճգնաժամային օրերուն հերոսական աշխատանք տանելէ զատ, 1989-ին մեծ օգտակարութիւն ունեցաւ արտասահմանեան աշխատողներուն: Ներկայ էր նաեւ Հանրապետական Մանկական Հոգեբուժական Դարմանատան տնօրէնուհի՝ Էմա Ովանովան, որ բժիշկ Սուճեանի նման հայթայթած էր Քլինիքի ու բնակավայրի կահոյքներու մէկ մասը:

Տոքթ. Նաճառեան, առանձին զրոյցի ընթացքին, յայտնեց թէ վերջին ութը ամիսներու իր աշխատանքը դրական արդիւնքի հասած է: Ան ներկայացուց պատկերը Քլինիքի այցելուներուն, որոնք կու գան հեռաւոր քաղաքներէ, ինչպէս Երեւան եւ Թիֆլիս, իր մասնագիտութենէն օգտուելու: Տոքթ. Նաճառեան նաեւ յայտնեց թէ յետ տրավմային յատկանիշերը հետզհետէ կը նուազին աշխատանքի ընթացքին, թէեւ Ապրիլին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ եղած է որ Քլինիքի այցելուներու թիւը որոշ ժամանակով աւելնայ: Ան կը նկատէ թէ ընտանեկան հարցեր, որոնք մասամբ արդիւնք են գինեմոլութեան, աւելի բարձր տոկոսով կը ներկայանան Քլինիք քան անցեալին:

Այս չորրորդ այցելութեանս ընթացքին կարողացայ բաղդատութիւն մը ընել անցեալի երեք տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ բարելաւումին: Այն տպաւորութիւնը կրեցի որ ներկային Կումայրիցին ի’ր իսկ ձեռքը առած է վերակերտման ծանր աշխատանքը: Այս գործունեայ կեցուածքը զայն դուրս կը հանէ տխուր ու կրաւորական դիրքէն ուր շատեր բնականաբար կը գտնուէին անցեալին, կգած՝ իրենց դառն կորուստներուն տակ: Տնտեսական ու քաղաքական կեանքը թէեւ կը շարունակէ խոչընդոտ ստեղծել հպարտ Կումայրիցիին համար, սակայն պայքարի ձգտում մը նկատեցի անոնց մէջ: Յուսադրիչ էր նաեւ աշխատիլը տասնեակ մը զարգացած կիներու հետ որոնք նորակոչ դպրոցի հոգեբաններ էին: Անոնց անսահման հետաքրքրութիւնը սորվելու ամերիկեան հոգեբանական մօտեցումները ու օգտուելու իմ ներկայութենէս՝ մեծ կորով բերաւ մէջս ու մտածել տուաւ թէ հայաստանաբնակ հոգեբանը մօտ ատենէն պիտի կարենայ հասնիլ հայ մանուկին, թեթեւցնելով մեր զգացած պատասխանատուութեան բեռը:

Հոգեբուժական մասնաճիւղի անմիջական նպատակն է, յաջորդ երկու տարիներու ընթացքին, հայրենի հոգեբաններու, հոգեբոյժերու եւ այլ հոգեկան առողջութեան աշխատողներու վերապատրաստութեան աշխատանքին բացառիկ կարեւորութիւն տալ: Հեռաւոր նպատակն է՝ Հայաստանի մասնագէտներուն յանձնել այս կենսական աշխատանքի շարունակութիւնը:

 

<< Back to Recent News