ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Արցախ Այցելութիւնը Պատմական Եղաւ

May 4, 2022

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Արցախ Այցելութիւնը Պատմական Եղաւ

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

(English Below)

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութեան 26-29 Ապրիլ 2022ի չորսօրեայ Արցախ այցելութիւնը ոչ միայն պատմական, այլ նաեւ հրաշքի համազօր իրականութիւն մը հանդիսացաւ։ Յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք տեսնել Ստեփանակերտը այդքան չքնաղ ու այդքան գեղեցիկ, ապա բառեր չկան այդ ներքին զգացումները նկարագրելու։

Տասը ժամերու դարձդարձիք ճամբաներէ, տասը անցարգելքներ անցնելէ, ոմանց դիմաց ժամեր սպասելէ ետք Երեքշաբթի, 26 Ապրիլի երեկոյեան ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը պարտադրաբար հայկական մեր Շուշին շրջանցելով, հասաւ Ստեփանակերտ եւ ի զարմանս բոլորին Ստեփանակերտը գտաւ կանգուն, շէնքերը նորոգուած, ժողովուրդը եռուզեռի մէջ։ Թէեւ նկատելի էր որոշ մելամաղձոտութիւն, ս

ակայն զգալի էր արցախցիի զօրաւոր կամքն ու հայրենիքէն մնացած փոքր տարածքը զարգացնելու, սակայն ապագային զայն ամբողջականացնելու եւ պաշտպանելու ինքնավստահութիւնը։

Ի տես այս յուսադրիչ երեւոյթին, յոգնութիւնը անտեսելով ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները այցելեցին ՀՕՄի Արցախի միաւորի կեդրոնը, ուր ծանօթացան տեղւոյն Վարչութեան անդամներուն, ներկայացուցին իրենց այցելութեան նպատակը, Արցախեան համեղ Ճինկելով հացը ճաշակելէ ետք հրաժեշտ առին եւ այցելեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նստավայրը  եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան մարմնի անդամներուն հետ եւ ներկայացուցին ՀՕՄի նորանոր ծրագիրները Արցախէն ներս։ ՀՅԴի ԿԿի ներկայացուցիչ Արթիւր Մոսիեան ողջունեց պատուիրակութիւնը, բարձր գնահատեց անոնց աշխատանքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու անոնց։

Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլի առաւօտեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Զոյա Քոչարեանին, ՀՕՄի Արցախի մեկուսի Վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսյան եւ անդամներուն  եւ ՀՕՄի Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու համակարգող Արտէմիս Գրիգորեանին հետ, այցելեցին Արցախի Եղբայրական գերեզմանատուն եւ ծաղիկներ զետեղեցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու յուշարձանին առաջ եւ իրենց յարգանքի տուրք մատուցեցին անոնց անմար յիշատակին։ Ապա ընկերուհիները այցելեցին շիրիմները Արցախի 44-օրեայ պաշտպանական մարտերուն զոհուած մեր հերոս նահատակներուն, որոնց վրայ եւս ծաղիկներ դրին եւ աղօթեցին անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։

Այնուհետեւ ՀՕՄի  պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ալէոնա Գրիգորեանի, կարճ հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց ՀՕՄի նորագոյն ծրագիրը՝ Արեւային ջրատաքացման համակարգի իրականացումը Արցախի հանրապետութենէն

ներս։ Այս համակարգի որդեգրումը մեծ ոգեւորութեամբ ընկալուեցաւ նախագահին կողմէ, որ նաեւ խոստացաւ աջակցիլ անոր իրականացման։

Նոյն օրը յետ միջօրէին տեղի ունեցաւ այցելութիւն, վերջին տարիներուն կառուցուած  ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» արդիական մանկապարտէզը, ուր տնօրէնուհի  Նելլի Ղուլեանի առաջնորդութեամբ շրջելով շէնքը, անոնք հիացմունքով ծանօթացան անոր մանրամասնութիւններուն։ Մանկապարտէզի աշակերտները, որոնց մէջ կային նաեւ մեր զոհուած ազատամարտիկներու եւ տեղահանուած արցախցի ընտանիքներու երեխաներ, իրենց հիւրերուն հրամցուցին երգ ու պարի գեղեցիկ ու զմայլելի յայտագիր մը, որուն յուզումնախառն արցունքներով հետեւեցան ՀՕՄուհիները։ Էական այս այցելութիւնը  ոչ միայն ուրախալի էր, այլ նաեւ խրախուսիչ, մանաւանդ երբ զրուցելով փոքրիկներուն հետ իմացան, թէ անոնցմէ շատեր կ՚ուզեն զինուոր դառնալ, որպէսզի պաշտպանեն իրենց սիրելի հայրենիքը՝ անփոխարինելի Արցախը։

Գեղեցիկ այս մանկապարտէզին ծանօթանալէ ետք, ՀՕՄի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ասկերանի շրջանի ՀՕՄի Խնծիրիստանի «Սօսէ» մանկապարտէզը, ուր մանկապարտիզպանուհի Սուսաննա Յակոբճանեանը մանրամասնութիւններ փոխանցեց մանկապարտէզի կրթական ծրագիրներուն եւ աշակերտութեան մասին, առաջնորդեց հիւրերը մանկապարտէզի սենեակները, որոնք գեղեցկօրէն զարդարուած էին փոքրիկներու ձեռային աշխատանքներով։ Ապա, սիրասուն փոքրիկները, հիւրերուն հրամցուցին մանկական երգ ու արտասանութիւններու փունջ մը, մեծապէս ոգեւորելով զանոնք։

Երեկոյեան ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Ուսանող ծրագրի նուիրուած ձեռնարկը։ Այս տարի ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր, իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համալսարանական այն ուսանողներուն, որոնք առանց ընկրկումի, կեանքի գնով մասնակցած էին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին։ Այսպէս ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը բարձր  գնահատեց Արցախի պետական, Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Գրիգոր Նարեկացիի, ինչպէս նաեւ Շուշիի Տեխնոլոգիական համալսարաններէն 105 հայրենանուէր ուսանողներ եւ անոնց իւրաքանչիւրին յանձնեց գնահատագիր եւ նիւթական փոքրիկ նուէր։ Ելոյթ ունեցան ակնարկուած համալսարաններու ներկայացուցիչներն ու ՀՕՄի մօտ ԿԿի կապ Ալեոնա Գրիգորեանը, բոլորն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՕՄի աշխարհացրիւ մեծ ընտանիքին, համակիրներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք բազմաբնոյթ օգտակար ծրագիրներ կ՚իրականացնեն Արցախի մէջ։ Անոնք վստահեցուցին, որ արցախցիները արժանապատւօրէն կանգուն կը մնան իրենց հողին վրայ, կը վերադարձնեն իրենց բռնագրաւուած տարածքները եւ դարձեալ Արցախը ամբողջութեամբ հայկական կը դարձնեն։

Սրտի իր խօսքը փոխանցելով ներկայ ուսանողներուն, ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ըսաւ. «Մեզի համար հպարտանք է ըլլալ ձեզի հետ եւ կիսել այն ցաւը, որ դուք ապրած էք 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ շնորհել ձեզ այս փոքրիկ նուէրը, որպէսզի դուք ունենաք փայլուն ապագայ։ Դուք ոչ միայն Արցախի քաղաքացիներն էք, այլ Արցախի լաւագոյն զինուորները»։ Ապա ան ՀՕՄի մեծ ընտանիքի անունով խոստացաւ միշտ թիկունք կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին պատերազմի եւ խաղաղ օրերուն։

Գնահատելի այս ձեռնարկէն ետք ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւն

ը հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի ՀՕՄի անդամներուն հետ, որու ընթացքին քննարկեցին Արցախի ՀՕՄը յուզող կարեւոր հարցեր։

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլի առաւօտեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՕՄի Աշանի «Սօսէ» մանկապարտէզ, ուր մանկապարտիզպանուհի Գայանէ Յովհաննիսեանը իր անձնակազմին եւ փոքրիկներուն հետ աղ ու հացով դիմաւորեց ՀՕՄի անդամները, ծանօթացուց անոնց մանկապարտէզի մանրամասնութիւնները։ Այս մանկապարտէզէն ներս եւս հիւրերը վայելեցին արցախցի աշակերտներուն  հետաքրքրական երգ ու արտասանութիւնները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ եւ վստահութեամբ ներկայացուցին։ Մանկապարտէզը ունէր նաեւ իր խաղավայրը, ուր երեխաները ուրախութեամբ կ՚օգտագործէին հոն տեղադրուած օրօրոցները, սահնակը, սիսոնն ու այլ խաղալիքները։

Մանկապարտէզի այցելութենէն ետք պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի կողմէ, Իւանեան համայնքի մօտ տեղահանուած ընտանիքներու համար կառուցուող նոր համայնքի տուները, որ ըստ շինարարներուն մինչեւ տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու 100 ընտանիքներ։

Նոյն օրը երեկոյեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին եւս ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ներկայացուց ՀՕՄի նախատեսած նորագոյն ծրագիրը՝ Արեւային ջրատաքացման սիստեմի իրականացումը Արցախի հանրապետութենէն ներս, որ նաեւ գնահատուեցաւ Բալասանեանի կողմէ։

Աւելի ուշ երեկոյեան ՀՕՄի պատուիրակութիւնն ու ՀՕՄի Արցախի Միաւորի վարչութեան անդամներն ու կարգ մը հիւրեր միասնական ընթրիք մը վայելեցին, որ ստեղծուած ուրախ մթնոլորտով խրախճանքի վերածուեցաւ։

29 Ապրիլին ՀՕՄի պատուիրակութեան մեկնումի պահն էր, սակայն կարելի չէր Արցախին հրաժեշտ տալ առանց անոր վերականգնողական կեդրոնը այցելելու։ Կեդրոնը հիմնուած է Անգլիացի պարոնուհի Գոքսի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով, ո

րուն տնօրէն Վարդան Թադէւոսեան ներկայացուց կեդրոնի աշխատանքային ծաւալը։ Կեդրոնը ծառայութիւն կը մատուցէ բոլոր տարիքի քաղաքացիներուն. Հոգատարութիւն կը ցուցաբերուի  վիրաւոր զինուորին, մեծ ու փոքր քաղաքացիներուն։ Ունի յատուկ բաժանմունքներ, խօսելու դժուարութիւն  եւ Օթիզմ ունեցող փոքրիկներու բաժիններ ու մարզանքի սարքերով իր սրահը։ Կեդրոնը ակնյայտ է նաեւ իր յաճախորդներու լուսանկարչական, գծագրութեան, կաւէ իրերու պատրաստութեան եւ զանազան գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներով, որոնք յատուկ ցուցահանդէսներով կը վաճառուին, գումար ապահովելով կեդրոնին։ Ներկայիս ան ունի 21 անկողին, սակայն ցերեկուայ ընթացքին կը ծառայէ 1200 հիւանդի, որոնց 300-ը քաղաքացիներ են, իսկ մնացեալները վիրաւոր զինուորներ եւ ազատամարտիկներ։ Կէսօրին, ՀՕՄուհիները արցունքոտ աչքերով հեռացան կեդրոնէն, Արցախին միշտ աջակցելու պատրաստակամութեամբ։

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը հպարտանքի չորս օրեր ապրեցաւ Արցախի մէջ։ Այն Արցախին, որ ներկայիս վիրաւոր ու հողակորոյս ըլլալով հանդերձ, ունի զօրաւոր յարատեւելու կամքը եւ կառչած կը մնայ իր ափ մը հողին, շուտով անարդարօրէն իր կորսնցուցած հողերը վերադարձնելու եւ ամբողջական տարածքով ազատ ու անկախ Արցախ ունենալու վճռակամութեամբ։

 

****************************

The ARS Is Sworn to the Sacred Task of Assistance Across the Global Armenosphere

 Maro Kechichian

Recently, the Central Executive Board of the Armenian Relief Society is in Armenia with a dual task of following closely the progress of ARS Programs in the Homeland, and to be with the people of Armenia as our nation commemorates the martyrdom of more than one and a half million Armenians in a Genocide planned and executed by the World War I Young Turk government of the Ottoman Empire.

During April 20—22, 2022, the ARS Central Executive Board, convened in a 3-day plenary meeting at the Regional Office of ARS/Armenia, reviewed and discussed its emergency assistance programs in the Homeland.

On Friday, April 22, 2022, on the premises of the “Homeland Defense Rehabilitation Center, Opening of the Diagnostic Blood Laboratory — an essential center for the correct treatment and swift recovery of the wounded fighters of our Defense Forces. Many HOMuhis, friends and supporters participated in this official Opening.  The joint patronage of the Laboratory was readily assumed by the ARS and the “One Armenia” Organization.  This important, well-equipped medical unit was named after martyred freedom fighter, close friend of the ARS, Dr. Norayr (Norik) Shahbazian, a personality who always stood fast aside the ARS while participating in all battles in defense of Artsakh and attending to the medical needs of our fighters.  

During this official Opening ceremonies, ARS/CEB Chairperson, Dr. Nyree Derderian, and ARS/Armenia Regional Executive Chairperson, Zoya Kocharian, “One Armenia” Organization Representative, Anahit Nazarian, Managers of the Rehabilitation Center, Dr. Armen Mouradian and Hayakuhi Minasian relayed their congratulatory messages. All speakers, stressing the importance of the Laboratory in the proper treatment of the intrepid fighters, pledged their optimum devotion to the recovery of their intrepid patients. Then, one by one, all participants approached the various medical equipment displayed in the hall to be informed of the particular function of each unit. The ARS was honored with by the rehabilitation center and awarded the “Partner” award for our efforts since the center’s inception.  After a brief reception, members of the CEB were given a tour of the facilities and all present departed with a deep sense of fulfilment, determined to do their utmost to meet the needs of our wounded soldiers.

Organized by the Executives of the ARS/CEB and ARS/Armenia, a Delegation consisting of members of ARS/Armenia’s Entities, visited Yerablur and participated in a Requiem in solemn remembrance of the brave fighters fallen

in battles fought in defense of their Homeland.  In conclusion, The CEB laid a wreath of flowers at the base of the Unknown Warrior Monument erected at the entrance of Yerablur, as well as on the tombstone of Soseh Mairik. The HOMuhis said a prayer and burned incense for the eternal spirit of the Armenian nation and the intrepid soul of the Armenian woman, the luminous pride of the nation as a fearless fedayee, fought at the side of her husband, Serob Aghbiur for the greater glory of a free Homeland and Nation.

“Two generations are laid to rest in this holy place։  The fearless generation of the 90s, who gifted us with victories, while the second – the 44-day War generation, who, while fearlessly resisting the enemy tried to defend Artsakh and Armenia. We are duty-bound to continue their half-completed national duty, always keeping alive the memory of our martyrs.” Noted ARS/CEB Chairperson, Dr. Nyree Derderian.  

Then, the HOMuhis, assembled around the grave of their idealized predecessor role model, Soseh Mairik, started to sing with collectively inspired emotion, “We, sworn servants of the holy mission of the Armenian Relief…”, the ARS Anthem, reviving their sacred oath to always be there, steadfast, providing relief to our People and our Homeland. After an emotional farewell to Soseh Mairik’s grave, the HOMuhis visited the graves of our past and present martyrs, offering them their prayers and emotions of deep respect and pride.

For the HOMuhis, the next stage was the

Proshian Martyrs’ Pantheon, where also are laid to rest old and recent heroes of the Artsakh Liberation Wars. The HOMuhis prayed, burned incense, and laid flowers on the graves and engaged in consoling conversations with the relatives of the martyrs. Speaking on behalf the ARS/CEB, praising the valor of our martyrs, Nora Sevagian expressed her gratitude and pride to the mothers who raised and nurtured heroic sons who willingly sacrificed their young lives fighting in defense of our Homeland.

It was a long, emotional day, yet, overwhelmed by deep feelings of patriotism, at the same evening, the HOMuhis took part also in the torch parade organized by the ARF Youth of Armenia, walking miles towards the Tzitzernakaberd Monument to lay flowers at the rim of the Eternal Flame in remembrance of our one-and-and a half million innocent victims of the Genocide.

Always on the ramparts, the great family of the ARS serves its people selflessly both in the Homeland and abroad, extending its helping hand to all those in need of assistance. Still, for the ARS, the most precious is the call of the Homeland, which will never remain unanswered, at the cost of any sacrifice, because the ARS is born of the very bosom of its people, to serve its people until the rise of the radiant dawn of Justice.

On Monday, April 25, the ARS/CEB visited the ARS Mother & Child Health and Birthing Center in Akhurian, where they were informed of details of new medical equipment and modernization efforts on the premises. They congratulated the mothers of

the newborn babies and the staff, for their efficient and exemplary performance. Later, visiting the Gyumri Shirvanian Center, they met with representatives of the local ARS and HEM getting acquainted with their work and praising them for their devoted patriotic endeavors. Then, they headed to Cherkezi Dzor, where they had an intimate lunch with the chief physicians of the maternity ward, listening to their reports of their plans for the future.  

Always on the ramparts, the great family of the ARS serves its people selflessly both in the Homeland and abroad, extending its helping hand to all those in need of assistance. Still, for the ARS, the most precious is the call of the Homeland, which will never remain unanswered, at the cost of any sacrifice, because the ARS is born of the very bosom of its people, to serve its people until the rise of the radiant dawn of Justice.

Thus, the on-going endeavors of the ARS Central Executive Board continue uninterrupted. The next phase is Artsakh. Follow our global activities on the news media.

<< Back to Recent News