THE ARS PARTICIPATION IN UN EVENTS
ՀՕՄԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս տարի եւս ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նախաձեռնութիւններու՝ կազմակերպութեամբ ՄԱԿի Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովին 70րդ նստաշրջանին։
Առաջին հերթին, ՀՕՄի պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2026ին ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ կայացաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 70րդ Խորհրդաժողովին բացման պաշտօնական նիստը՝ հետեւեալ թեմայով. «Կիներու եւ աղջիկներու արդարադատութեան հասանելիութեան ապահովում եւ ամրապնդում, յատկապէս՝ ներառական եւ իրաւական արդար համակարգերու խթանման, խտրական օրէնքներու, քաղաքականութեան եւ գործելակերպի վերացման, ինչպէս նաեւ՝ կառուցային խոչընդոտներու յաղթահարման միջոցով»:
Տեղին է նշել, որ ՀՕՄի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Թաունհոլին մէջ կայացած ընդհանուր հանդիպման մը՝ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ։ ՀՕՄի պատուիրակութիւնը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Եւրոպական Միութեան հետ ստեղծուած՝ «Կիներու եւ Աղջիկներու դէմ Վայրագութեան Կանխարգիլման Գործընկերներու Խումբ»ին նախարարական մակարդակի հանդիպման։
Իսկ Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնին եւ Հայկական Իրաւաբանական Միութեան հետ գործակցաբար՝ ՀՕՄի ՄԱԿի Յանձնախումբի կազմակերպած նիստը կայացաւ Երեքշաբթի Մարտ 17, 2026ին Երեկոյեան ժամը 6:30ին, ՄԱԿի Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս՝ «Տեղահանումէն դէպի Արդարութիւն: Պաշտպանութեան Ամրացում, Իրաւունքներ եւ Ապաքինում՝ Տագնապի Գօտիներու մէջ Ապրող Կանանց» խորագրով: Նիստին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան զեկուցաբերներ՝ Գէորգ Յակոբճեան, Գեւ Էսքիճեան եւ Արենի Համբարեան։ Նիստը վարեց Դալար Ապտալեան։
ՄԱԿի աշխատանքներու երկու Շաբթուան ընթացքին, ՀՕՄի պատուիրակութեան միացան Կեդրոնական վարչութեան անդամ 5 ընկերուհիներ, Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն ՀՕՄուհիներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան հանդիպումներու, որոնցմէ կ՛արժէ յիշել «Բարգաւաճ, Առողջ եւ Արժանապատիւ. Քաղաքականութեան Ուղիներ՝ Զարգացող Երկիրներու մէջ Տարեց Կիներու Համար» թեմայով նիստը:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը 1976էն ի վեր իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ՝ իբրեւ Ոչ- կառավարական կազմակերպութիւն, ՄԱԿի համապատասխան կառոյցին աշխատանքներուն։ ՀՕՄը 1988էն ի վեր խորհրդատու անդամի կարգավիճակ ունի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին ցանկին մէջ։
Միւս կողմէ, ՀՕՄի պատուիրակութիւն մը Մարտ 16, 17 եւ 18, 2026ին Ժընեւի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին 61րդ նստաշրջանին։
ՀՕՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
THE ARS PARTICIPATION IN UN EVENTS
The Armenian Relief Society once again actively participated in this year’s 70th Session of the United Nations Commission on the Status of Women (CSW), held at United Nations Headquarters in New York, through a series of initiatives and engagements.
The ARS delegation had the privilege to attend the official opening session of the Commission, which took place on Monday, March 9, 2026, at UN Headquarters, under the theme: “Ensuring and strengthening access to justice for women and girls, particularly through the promotion of inclusive and effective legal systems, the elimination of discriminatory laws, policies and practices, and the removal of structural barriers.”
The ARS delegation also participated in a town hall meeting with United Nations Secretary-General António Guterres. In addition, the delegation attended a ministerial-level meeting of the EU-established “Group of Friends for the Prevention of Violence Against Women and Girls.”
Furthermore, the ARS UN Committee, in collaboration with the Armenian Legal Center for Justice and Human Rights and the Armenian Bar Association, organized a parallel event on Tuesday, March 17, 2026, at 6:30 p.m., at the UN Church Center, entitled: “From Displacement to Justice: Strengthening Protection, Rights and Recovery for Conflict-Affected Women and Girls.” The panel included presentations by Kevork Hagopjian, Gev Iskajyan, and Areni Hamparian, and was moderated by Talar Abdalian.
During the two weeks of the proceedings, the ARS delegation was joined by the five members of the Central Executive Board, members of the Eastern USA Executive Board, as well as representatives from Eastern USA, Canada, and South America who participated in a series of high- level meetings. Among these, the session titled “Prosperous, Healthy, and Dignified: Policy Pathways for Older Women in Developing Countries” was of Particular significance.
The Armenian Relief Society, as a non-governmental organization, has been actively engaged with relevant United Nations bodies since 1976. Since 1988, it has held consultative status with the United Nations Economic and Social Council (ECOSOC).
Simultaneously, an ARS delegation attended the 61st Session of the United Nations Human Rights Council on March 16, 17, 18, 2026, in Geneva, Switzerland, where safeguarding civil liberties, preventing discrimination, and equality were discussed.
ARS CENTRAL EXECUTIVE BOARD




