TIME TO VEER TO THE RIGHT ROAD

August 24, 2022

It is a rare phenomenon indeed to witness the behavior of a government whose leaders, after signing a cease-fire declaration ending a brief, yet fiercely fought war, take no steps whatsoever when their belligerent opponent keeps invading the boundaries of their country, terrorizing and chasing the native inhabitants — they were sworn to defend — into forced exile; instead, this delinquent leadership mumbles inane slogans of reasonable, law-abiding behavior, constantly waving an olive branch of peace in the midst of ongoing plunder and mayhem…

Two of the most recent cases are those of the Aghavno and Berdzor communities who, now bereft of ancestral home and land – due to contrived cartographical gerrymandering and ‘road building’ to ‘Friendly Relations’ – must rebuild their own lives as homeless refugees in the deafening silence of Artsakh and Armenian authorities who came to power always reminding the very people they are betraying today of the dictum, Vox Populi Vox Dei… clearing themselves, and whatever is left of their conscience, of any personal responsibility. 

As we said, it is indeed a rare phenomenon, yet there it is, in broad daylight, the process of acquiescing to All the demands of a voracious enemy to build a ‘peaceful’ future goes on, unabetted making friendly powers of our Cause wonder, whether it is worth trying to rescue a nation set on continuing a road to self-destruction, waving a flag claiming “There is a Future.” There may indeed be a future for those who seek peace and tranquility at the cost of giving up all other values; after all, no other place is as peaceful and tranquil as a… graveyard, a dream, that our mortal enemies have cherished and groomed for centuries… and still do.

There is still time to get off this road to oblivion. We believe, that alongside endless fields of Khachqars, our people have erected magnificent temples, fortresses all, of faith and wisdom, paving roads to an undeniable history and culture based on humanitarian precepts. We have a long way to go on that road dotted with cemeteries where we have lit thousands of candles on our way to the bright future that awaits our nation in the green pastures spread out vast and free like the summits of our very own Highlands.

Դէպի Յստակ եւ Ուղիղ Ճանապարհ

Բացառիկ երեւոյթ է ստորնացուցիչ զինադադարով վերջ գտած կարճատեւ, այլեւ կործանարար պատերազմէ մը ետք, ականատես ըլլալ պատասխանատու կառավարութեան մը հանդուրժողական կեցուածքին, հանդէպ հակառակորդի մը, որ կամայականօրէն կը շարունակէ իր զինեալ ներխուժումները մեր երկրի սահմաններէն ներս, խուճապի մատնելով ու արտաքսելով սահմանամերձ աւաններու  բնակիչները, որոնց կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան համար պատասխանատու կը մնան մեր Հայրենիքի ներկայ պետական այրերը, որոնք այժմ կը բաւականանան խաղաղութեան անհեթեթ լոզունգներով անտեսել մեր պետականութեան սպառնացող վտանգներու դառն իրականութիւնը:

Այս իրավիճակը նկարագրող կացութիւններէն են Աղաւնոյի եւ Բերձորի յաջորդական կորուստները, որոնց վտարուած բնակիչները այժմ հայրենազուրկ ու վտարանդի, ի հետեւանք ստայօդ բարեկամական նորանոր սահմանադրուժ ճանապարհներու անմիջական իրականացման, ստիպուած են վերակերտել իրենց աւերակ կեանքերը որպէս տնազուրկ գաղթականներ` կախեալ այդ նոյն պետական այրերու կամայական հոգատարութենէն, երբ անոնք զբաղուած են աւերներով շրջապատուած հայրենի հողերու տարածքին գերեզմանային խաղաղութեան տանող նորանոր ճանապարհներու իրականացման աշխատանքներով: Նոյն պետական այրերը, որոնք չեն դադրիր յիշեցնելէ մեր յուսահատ ժողովուրդին, թէ իրենք եկան իշխանութեան գլուխ իրենց «Ձայն բազմաց Ձայն Աստուծոյ» լոզունգով, նոյն ինքն ժողովուրդին քուէներով: Նոյն այդ յիշեցումով, անոնք կը ջանան ներկայ մեր ճակատագրական օրերու պատասխանատուութիւնը բարդել ժողովուրդի ու Աստուծոյ վզին:

Ինչպէս ըսինք, բացառիկ երեւոյթ է, այսուհանդերձ կը մնայ իրողութիւն: Ներկայ իշխանութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մնալով նոյն, իր ստորագրած ողբալի զինադադարի ճանապարհին վրայ դէպի վերջնական անկում, մինչ թշնամին թքած ունի իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն վրայ: Այսպէսով, ի տես Հայ Պետականութեան այս հլու եւ հնազանդ կեցուածքին հանդէպ վայրագ ու անյագ  թշնամիի մը բոլո՛ր անօրէն ոտնձգութիւններուն, դժուար չէ ենթադրել, թէ Հայոց Արդար Դատին համակիր կարգ մը պետութիւններ սկսին մտածել, թէ արդեօ՞ք կ’արժէ իրենց պետական շահերը մէկ կողմ դնել ու օգնութեան ձեռք երկարել պետութեան մը, որ կը մտի պատրաստ ըլլալ զոհելու իր ազատ ապրելու իրաւունքը յանուն ենթադրեալ խաղաղութեան մը ձեռքբերման:

Թերեւս կարելի է խաղաղ ապագայ մը ապահովել, մէկդի դնելով այն բոլոր արժէքները, որոնք հիմնաքարն են արժանաւոր ազգի մը ինքնութեան ու գոյութեան: Այսուհանդերձ, կարելի չէ ժխտել այն իրողութիւնը, թէ աշխարհի ամենախաղաղ հողամասերը գերեզմանոցներն են, ուր մահն է որ կը տիրէ միահեծան, եւ ուր մեր դարաւոր թշնամին կ’երազէ տեղադրել մեզ, ազգովին:

Ուշ չէ դուրս գալու մահածու այս ճանապարհէն: Կը հաւատանք, որ խաչքարերու անհամար դաշտերու կողքին, Հայ ժողովուրդը կերտեր է հիասքանչ տաճարներ, հաւատքի, յոյսի եւ իմաստութեան ամրոցներ, ճանապարհ բանալով մարդկայնական Աստուածատուր հաւատամքի վրայ հիմնուած հազարամեակներ կտրած մշակոյթի մը: Մեր երկարատեւ պատմութեան ճանապարհին, անհամար մարտիրոսներու գերեզմաններուն մոմեր ենք վառեր ու շարունակեր մեր լուսատու հաւատքին ճամբան, դէպի մեր ազգի լուսաւոր ապագան Հայկական Բարձրավանդակի սէգ գագաթներու հովանիին ներքեւ, Միացեալ, Ազատ ու Անկախ:

 

 

ARMENIAN RELIEF SOCIETY

Հայ Օգնութեան Միութիւն

 

 

 

<< Back to Recent News