The Miraculous May Victory
A century ago, with the ascent of the miraculous May victory, the Armenian Relief Society witnessed the indomitable spirit of the Armenian people, which made our free and sovereign statehood a reality.
Today, the ARS and the Homagan proudly memorialize not only the valiant Armenian soldier who, prevailing on the battlefields, gave us the victories of May 1918, but also all the segments of our people, who built the foundations of our independence, extolling our national honor and attributes even in the direst of circumstances, creating solid bastions of survival for the masses of our scattered people forced to rebuild their lives under foreign skies.
Indeed, May 28 belongs to the people and its progeny imbued by the innate desire to live free and independent—to those, who even at the cost their lives, struggled over the centuries for the right to live on their own lands in dignity.
From the days of our national struggle for resurgence to the Golgotha of the infernal genocide of 1915, through the travails of the heroic battles of 1918, from the rise of national sovereignty to the liberation war of Artsakh and its independence, the Armenian woman – always on call as mother, sister of mercy, freedom fighter, member of parliament, minister, or ambassador – gave her utmost in every field to the reestablishment of the Armenian independence, serving honorably under our nation’s unblemished Tricolor and Coat of Arms.
Over these festive Centennial days, The Armenian Relief Society renews its oath to remain ever ready to render its humanitarian services to our Nation and Homeland, on all levels of its global reach. Energized by the accomplishments of its Central, Regional and local entities, enthusiastic with its present and future programs and projects, the ARS renews its commitment to work with increasing stamina today, tomorrow, as long as needed, for the welfare of our people and the glory of our beloved Homeland –
In the name of our freedom fighters and fedayees who, although outnumbered, fought valiantly to wipe off the stigma of servitude from our people’s forehead…
In the name of all our volunteers who defeated death by dying, securing our Homeland with a reborn sovereign Nation State…
In the name of our forebears — men and women — who sustained and bolstered the will of their anguished progeny to, once and for all, revive our Nation and Homeland…
In the name of our budding generations, who inherited the title to a surging Homeland braced with the sovereignty of a free State…
In the name of our Armed Forces, whose sentinels stand guard and secure the safety of our Republics’ borders…
In the name of our liberty-loving people’s Free, Independent and United Armenia.
CENTRAL EXECUTIVE BOARD OF THE ARMENIAN RELIEF SOCIETY, INC.
Armenian Trans.
Շնորհաւոր, Մայիս 28
Դար մը առաջ, Մայիսեան յաղթանակի հրաշագեղ յայտնութեամբ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը ականատէս եղաւ Հայ Ժողովուրդի աննկուն կամքին որուն շնորհիւ պետականութիւն կերտեցինք:
Այսօր, ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ականը բարձրաճակատ կը յիշատակեն ոչ թէ միայն մարտնչող Հայ զօրքին որ մեզ մայիսեան յաղթանակ պսակեց, այլ ժողովուրդի բոլո’ր յատուածները՝ որոնք կերտեցին անկախութիւնը, բարձր պահեցին մեր ազգային արժանիքները, եւ նոյնիսկ ազգային ծանր տագնապներու ընթացքին, հայրենի հողէն բրտօրէն խլուած եւ օտար երկինքներու ներքեւ նետուած բեկորներուն համար հայապահպանման ամուր կռուաններ ստեղծեցին: Արդարեւ, Մայիս 28-ը կը պատկանի ժողովուրդին եւ անոր ազատ ու անկախ ապրելու բնածին ձգտումին տեսլականը ունեցող ա’յն զաւակներուն որոնք նոյնիսկ հերոսական մարտնչումի եւ գիտակցական նահատակութեան՝ ի խնդիր սեփական ու անկաշկանդ գոյութեան համար դարեր շարունակ պայքարեցան:
Ազատամարտի սերունդի նկրտումներէն մինչեւ Մեծ եղեռնի գողգոթան, Մայիսեան հերոսամարտերու եւ անկախ պետականութեան ցաւատանջ երկունքին ընդմէջէն մինչեւ Արցախի ազատագրումն ու անկախացման հերոսապատումը, հայ կինը – որպէս մայր, բուժքոյր, զինեալ մարտիկ, խորհրդարանի անդամ, նախարար ու դեսպան — ընդմիշտ մնալով պատնեշի վրայ — բերաւ իր ամբողջական մասնակցութիւնը հայ ազատ պետականութեան վերականգնումին՝ անբիծ ու բարձր պահելով մեր անկախութեան խորհրդանիշ՝ Եռագոյն դրօշին ու Զինանշանին փառքն ու պատիւը։
Հայաստանի Անկախութեան Հարիւրամեակի այս տօնական օրերուն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ մնալու միշտ պատրաստ հայրենակերտ բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ իր մարդասիրական աշխատանքներով շարունակել իր ազգանուէր գործունէութիւնը: Կեդրոնական եւ թէ շրջաններու իրագործումներով գօտեպնդուած, ներկայ ու ապագայ ծրագրաւորումներով խանդավառ – յաւելեալ պատասխանատուութեան ոգիով կը գործենք այսօր, վաղը, եւ ընդմիշտ յանուն մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարօրութեան ու հզօրացման։
-Յանո՛ւն մեր ֆետայիներու ու ազատամարտիկներուն՝ որոնք հայդուկային այն անհաւասար կռիւներուն, մեր ժողովուրդի ճակատէն ջնջեցին երկար դարերու ստրկութեան խարանը:
-Յանո՛ւն մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք մահուամբ մա՛հը պարտութեան մատնեցին եւ մեր հայրենիքը օժտեցին անկախ պետականութեամբ:
-Յանո՛ւն մեր պապիկներուն ու մամիկներուն, որոնք իրենց նահատակ զաւակներուն ցաւը ամոքեցին մղելով զանոնք միանգամընդմիշտ վերականգնելու ա’զգ ու հայրենի’ք:
– Յանուն մեր նորահաս սերունդներուն, որոնք իրաւունքը ժառանգեցին տիրանալու հզօ’ր հայրենիքի եւ ինքնիշխան ու ազա’տ պետութիւն
– Յանուն մեր բոլոր զինուորագրեալներուն որոնք գիշեր ու ցերեկ Արցախի պետական սահմաններու խրամատներուն մէջ մեր վերազարթնող հայրենիքը կը պաշտպանեն:
– Յանո՛ւն ազատատենչ հայութեան՝ Ազա’տ, Անկա’խ ու Միացեա’լ Հայաստանին:
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն