The Armenian Relief Society Successfully Continues Its “Stand with Lebanon” Assistance Program

August 19, 2020

Medical Shipment 1

Image 12 of 22

The Armenian Relief Society Successfully Continues Its “Stand with Lebanon” Assistance Program

The ARS organized “Stand with Lebanon” benefit concert which took place on August 15, 2020․ The Fundraising started on August 4, resulting in securing the sum of $600,000.
“The Armenian Relief Society would like to extend its sincere gratitude to all those who supported this project with donations and voluntary assistance.
The raised funds confirm that the collective efforts of the Armenian communities worldwide are as strong as ever. It is the power of our people that keeps us alive. The Lebanese-Armenian community thanks you. With Our People, For our People forever. We ask you to continue to support the ARS. Continue your help to our brothers and sisters of Lebanon. We pledge to continue our efforts so that our community in Lebanon may rise again to its former glory,” said ARS Chairperson, Dr. Nyree Derderian.
The successful artistic program was achieved with the cooperation of Yerkir Media TV, and the devoted participation of talented performers of both Armenia and the Diaspora.
More than 54,000 spectators watched the event live on the screen. Our heartfelt thanks to all the volunteers, who from a distance, kept the project going despite time zone restrictions. This team of volunteers made it possible to coordinate and broadcast the program live. The event is available to view again on both Yerkir Media and ARS Facebook pages.
In addition to the concert fundraiser, on August 17, 2020, the very first humanitarian flight to Lebanon was organized by the ARS, with the cooperation of Code 3 Angels, a non-profit organization, and the Armenia Fund USA.
The flight was loaded with 2.5 tons of necessary items, consisting of 171 cases of medical and other needed items secured by Code 3 Angels. Code 3 Angels loaned its main office to gather the items and prepare the bundles. At the same time, Los Angeles based Lebanese American organizations, Cedars Relief, American Lebanese Medical Association, and Middle Eastern Pharmacy Association (Mepha), in cooperation with Lebanese groups, helped the ARS to secure and deliver much needed medical supplies to the Rafik Hariri University Hospital.
Derderian noted they expect that over the following days, the medicine and sundries will be delivered and immediately available to those in need. We are hopeful that soon, with the continued assistance of Code 3 Angels non-profit organization, and the All Armenia Fund USA, it will be possible to have additional humanitarian flights to Beirut. This way we remain in constant support of mending the wounds of our people.
On August 4, Immediately after the devastating explosion in Beirut’s seaport, the ARS mobilized all of its entities, and on the very same day, declared its “Stand with Lebanon” fundraising project. The funds collected are used to secure immediate help to the needs of the community. As soon as further assistance becomes available we will announce how that aid will be readily available to the community.
From the very start of the calamity, the Araxi Boulghourdjian Socio-medical Center of ARS/Lebanon, bolstered by the efforts of volunteers, hundreds of our community members continue to receive the medical care they need. In addition, all victims and needy elderly receive hot meals.
The spring bubbling and flowing from the maternal heart of the ARS shall always remain ample for the people, as we march in step with the people.

###

Ի նպաստ Լիբանանահայութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ կազմակերպուած «Լիբանանի Կողքին» առցանց դրամահաւաքը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 15, 2020-ին, որուն իբրեւ արդիւնք, Օգոստոս 4-էն ի վեր սոյն նպատակով հանգանակուած ընդհանուր գումարը հասաւ $600,000 ամերիկեան տոլարի։

 «Հայ Օգնութեան Միութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլորին, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով եւ աջակցութեամբ քաջալերեցին այս նախաձեռնութիւնը։ Հանգանակուած այս գումարը հայ ժողովուրդին հաւաքական ուժի փաստն է։ Այս յաջողութիւնը բոլորիս ջանքերուն արդիւնքն է եւ ան կը պատկանի բոլորիս։ Մեր ժողովուրդին ուժն է, որ մեզ կ՛ապրեցնէ։ Լիբանանի հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ձեզի։ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» միասի՛ն ու մշտապէս։ Կը խնդրենք, որ շարունակէք ձեր աջակցութիւնը ՀՕՄ-ին։ Շարունակեցէ՛ք զօրակցիլ Լիբանանի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը, որպէսզի Լիբանանահայութիւնը դարձեալ վերականգնի եւ վերադառնայ իր փառքի օրերուն», յայտնեց ՀՕՄ-ի ատենապետուհի՝  Նայիրի Տէրտէրեանը։

Յաջողութիւն արձանագրած գեղարուեստական յայտագիրը իրականացաւ Երկիր Մեդիա հեռուստաընկերութեան համագործակցութեամբ եւ Հայրենի թէ Սփիւռքեան հայ տաղանդաւոր արուեստագէտներուն սիրայօժար մասնակցութեամբ։ Աւելի քան 54 հազար դիտորդներ օրին հետեւեցան ծրագրին։ Խորին շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, որոնց հեռակայ աշխատանքին շնորհիւ այս կարճ ժամանակամիջոցին կարելի եղաւ կազմակերպել եւ սփռել յայտագիրը։ Յայտագրին կարելի է կրկին անգամ հետեւիլ Երկիր Մեդիայի եւ ՀՕՄ-ի դիմատետրի էջերուն վրայ։

Լիբանանահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, Օգոստոս 17, 2020ին, ՀՕՄ-ի, Code 3 Angels ոչ հասութաբեր կազմակերպութեան եւ ԱՄՆ Հայաստան Հիմնադրամի գործակցութեամբ, ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանէն երկուքուկէս թոնո, ընդհանուր 171 տուփ, բժշկական եւ այլ հիմնական իրեր պարունակող առաջին ինքնաթիռը հասաւ Լիբանան։ Code 3 Angels իր կեդրոնական գրասենեակները տրամադրած էր իրերը համախմբելու եւ ծրարները պատրաստելու համար։ Միաժամանակ, Լոս Անճէլըսի մէջ հաստատուած Լիբանանեան զանազան կազմակերպութիւններ իրենց ուժերը համախմբելով միացան ՀՕՄ-ին՝ Ռաֆիք Հարիրի Համալսարանի Հիւանդանոցին դեղորայք ղրկելու նպատակով։

Այս գծով Տէրտէրեան նշեց, թէ Օգոստոս 19-ին պատասխանատու մարմինները ստանձնեցին առաքուած իրերը եւ անոնք ամենաարագ միջոցին պիտի օգտագործուին խնամելու համար կարիքաւորներուն։ «Յոյս ունինք, որ ապագային կարելի պիտի ըլլայ առաքում մը եւս կազմակերպել Code 3 Angels կազմակերպութեան եւ ԱՄՆ-ի Հայաստան Հիմնադրամի համագործակցութեամբ։ Այս ձեւով միասնաբար նեցուկ կը կանգնինք ամոքելով ցաւերը մեր ժողովուրդին», աւելցուց Տէրտէրեան։

Օգոստոս 4ին Լիբանանի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, ՀՕՄ-ը զօրակոչի ենթարկեց իր բոլոր միաորներն ու անդամները եւ նոյն օրն իսկ յայտարարեց «Լիբանանի Կողքին» դրամահաւաքի ծրագիրը։ Հանգանակուած գումարները կը տրամադրուին հոգալու համար հայ համայնքի կարիքները։ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս, աղէտին առաջին իսկ ժամերէն սկսեալ, ՀՕՄ-ի ընտանիքին, բժիշկներուն եւ կամաւորներուն ճիգերով հարիւրաւոր հայորդիներ ստացան ու կը շարունակեն ստանալ անհրաժեշտ բժշկական խնամքը, որու կողքին նաեւ բոլոր տուժածներուն եւ կարիքաւորներուն կը տրամադրուի տաք ճաշ։

ՀՕՄ-ի, մայրական գթարատ սրտէն հոսող աղբիւրը, վարար կը մնայ մեր ժողովուրդին հետ, մեր ժողովուրդին համար։

###

 

<< Back to Recent News