Ongoing Commitment to Artsakh

February 16, 2024

Armenian Relief Society’s Ongoing Commitment to Artsakհ

 The Armenian Relief Society (ARS) Central Executive Board’s (CEB) third plenary meeting convened on January 9-13, 2024, in its Central office, in Boston. During these sessions, issues in regard to public relations and organizational practices were thoroughly discussed. Additionally, current and future Pan-Armenian programs implemented in both the homeland and the diaspora were re-evaluated.

The current situation of the forcibly displaced Artsakh Armenians and the ongoing need for assistance, being of utmost importance for the CEB, were of top priority and were highlighted during the course of the meeting.

Based on the 73rd International Convention’s resolutions and keeping in mind the imperative need to help our compatriots of Artsakh to hold on to their native lands, the ARS CEB unanimously decided to adopt a program entitled “Hearths of Hope,” which provides farmhouses in villages in Armenia, to families from Artsakh.

Moreover, with the objective of supporting the youth of Artsakh, the meeting decided to sponsor the second phase of the “Verelk” project. This project, initiated by the ARF Youth Office provides specialized job training in a variety of work fields.

Finally, the ARS CEB had a brief meeting with ARF bureau members Unger Khajag Mgrdichian, Unger Mgrdich Mgrdichian, and Unger Raffi Donabedian.

Looking ahead, after many days of deliberations, discussions, and decisions, the ARS CEB, having confidence in the active support and participation of its Entities and the ARS family worldwide, reaffirms the strategy of its activities for the next four years.

With the People, For the People

 

ՀՕՄ-ի Գլխաւոր Օրակարգն Է Արցախահայութեան Օժանդակելու Հիմնահարցը

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր 3-րդ լիագումար նիստը գումարեց 9-13 Յունուար 2024-ին, իր գրասենեակէն ներս (Պոսթոն- ԱՄՆ), որու ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան Միութեան՝ քարոզչական, ու կազմակերպչական գործելաձեւի վերաբերող հարցեր, վերարժեւորման ենթարկուեցան համահայկական  հայրենիքի եւ սփիւռքի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները:

Մնայուն կերպով Կեդրոնական վարչութեան հոգատարութեան կիզակէտը հանդիսացող բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները այս ժողովին եւս կազմեցին օրակարգի առաջնահերթ ու հիմնական բաժինները:

Հիմնուելով նաեւ ՀՕՄ-ի 73-րդ Համահայկական ժողովէն բխած Արցախահայութեան առնչուող բանաձեւերուն եւ ի մտի ունենալով արցախահայութիւնը իր հայրենի հողերուն վրայ պահելու ազգային հրամայականը, Կեդրոնական Վարչութիւնը միաձայնութեամբ որոշեց  որդեգրել  Հայաստանի գիւղերուն մէջ Արցախահայ ընտանիքներու բնակարաններ ապահովելու  «Յոյսի օճախներ» խորագրեալ խիստ օգտաշատ ծրագիրը:

Որոշում տրուեցաւ նաեւ սատարել եւ նիւթապէս հովանաւորել ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած, Արցախցի երիտասարդութեան համար աշխատանքի եւ մասնագիտանալու նոր դաշտեր բանալ միտող «Վերելք» ծրագիրի երկրորդ փուլը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը լիագումարի ընթացքին  առիթ ունեցաւ  հանդիպելու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանի եւ ընկեր Խաժակ Մկրտիչեանի հետ՝ ներկայութեամբ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՕՄ-ի կապ ընկեր Րաֆֆի Տօնապետեանին:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գործնական քննարկումներով ու որոշումներով՝ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի միաւորներուն աշխուժ գործունէութեան վրայ իր ամբողջական վստահութիւնը ամրապնդելով, վերահաստատեց իր ապագայ քառամեայ գործունէութեան ուղեգիծը։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

<< Back to Recent News