Classes Resume at Artsakh’s ARS “Soseh” Kindergartens

December 17, 2020

PR011_IMG-3

Image 1 of 16

ARTSAKH, Stepanakert- After an approximately three-month interruption caused by the Artsakh War, on December 14, 2020, classes resumed at the Armenian Relief Society’s (ARS) Stepanakert, Khndzristan and Aknabert “Soseh” Kindergartens while Ashan’s Kindergarten will open its doors when electrical power is restored, making heating and lighting possible. All in all, 77 students returned to their beloved schools, rejoining with their schoolmates and teachers. Stage by stage, based on the number of families’ return to Artsakh, the number of attending students is expected to rise.

After the disastrous calamities of this war, it was hard for the teachers to resume their work given the still debilitating pain of loss. However, considering the children’s emotional serenity to be overriding all else, they are ready, at least partially, to minimize the terror and pain experienced by this budding generation.  

Over these days of Yuletide, we wish all our little heroes a peaceful and happy furtherance of the school year.   

This year, through its “Amanor” program, the ARS, alongside the “Soseh” Kindergarten pupils, will distribute Christmas presents to the expatriated children of Artsakh.

The ARS network of “Soseh” Kindergartens started in 1998, in Stepanakert. Some two decades later, the number of Kindergartens in this ARS network expanded to twelve out of which four were later handed to the Government of Artsakh. Until the recent war, ARS had eight kindergartens in Artsakh, with approximately 400 children attending daily classes in social, cultural, physical, and artistic training. By the unconscionable November 9, 2020 declaration, the “Soseh” Kindergartens of Metz Tagher, Togh, Shoushi and Karegah are currently under Azeri occupation.

Taking care of the Kindergarten staff expatriated by the war, the ARS extended financial assistance to them. Today, the ARS closely follows the status of Artsakh, and in cooperation with ARS/Artsakh and ARS/Armenia it continues helping the displaced populations and children and families of soldiers killed in action.

To donate your share to ARS Artsakh emergency assistance programs, visit: https://ars1910.org/withartsakh/  

The Armenian Relief Society founded 1910, is an independent, nonsectarian, philanthropic society serving the humanitarian, social, and education needs of Armenian and Non-Armenians alike. The ARS operates in 27 different countries providing aid to local and international communities.

For media releases and more information visit the ARS website at www.ars1910.org. Like us on Facebook (@ars1910). For interviews on the recent events in Armenia, Artsakh and the work of the ARS contact:

Nelly Nerkizian

secretary@ars1910.org

(617)926-5892 (Office)

Արցախի պատերազմին հետեւանքով մօտաւորապէս երեք ամիս ընդհատումէ ետք, Դեկտեմբեր 14, 2020-ին Հայ Օգնութեան Միութեան(ՀՕՄ) Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներու դասաւանդութիւնը վերսկսաւ։ Ընդհանուր 77 աշակերտներ վերադարձան իրենց սիրելի դպրոցը, ուր միացան իրենց ընկերներուն եւ դաստիարակներուն։ Իսկ, Աշանի մանկապարտէզը իր դռները պիտի բանայ երբ շրջանի ելեկտրականութեան հարցը լուծուի եւ ապահովուին կառոյցին ջերմութիւնն ու ելեկտրականութիւնը։ 

Հանգրուան առ հանգրուան Արցախ վերադարձող ընտանիքներուն թիւին հիման վրայ, կ՛ակնկալուի նաեւ մանկապարտէզներէն ներս աշակերտութեան թիւի աճ։

Աղետալի այս պատերազմի դէպքերէն ետք, աշխատանքի վերադառնալը դիւրին չէր դաստիարակներուն համար, որոնց կորուստի ցաւը տակաւին թարմ է իրենց սրտերուն մէջ։ Սակայն, երեխաներուն հոգեկան հանգստութիւնը առաջնահերթ դասելով, անոնք պատրաստ են իրենց գուրգուրանքով, թէկուզ մասամբ, նուազեցնել մատղաշ սերունդին ապրած ցաւն ու սարսափը։ 

Ամանորի այս օրերուն մեր բոլոր բալիկներուն կը մաղթենք խաղաղ եւ երջանիկ դպրոցական տարեշրջանի շարունակութիւն։ 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը «Ամանոր» ծրագրին ընդմէջէն, այս տարի «Սօսէ» մանկապարտէզներու աշակերտութեան կողքին, կաղանդի առթիւ նուէրներ պիտի բաժնէ նաեւ   տեղահան եղած Արցախցի երեխաներուն։ 

ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը սկսած է 1998 թուականին Ստեփանակերտի մէջ։ Մօտ երկու տասնամեակներ ետք, Արցախի տարածքին մէջ ՀՕՄ-ի մանկապարտէզներու ցանցը տարածուելով Արցախի այլ շրջաններէ ներս, հասաւ տասնըերկուքի, որոնցմէ չորսը յետագային յանձնուեցան Արցախի պետութեան։ Մինչեւ պատերազմին աւարտը, ՀՕՄ-ը կը վարէր ութ մանկապարտէզներ, ուր մօտաւորապէս 400 երեխաներ կը ստանային մտային զարգացում եւ ընկերային, բարոյական ֆիզիքական ու գեղարուեստական կրթութիւն։  Նոյեմբեր 9, 2020-ի տխրահռչակ յայտարարութեամբ, Մեծ Թաղեր, Տող, Շուշի եւ Քարեգահ շրջաններու «Սօսէ» մանկապարտէզները անցան Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ։ 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հոգալով պատերազմի հետեւանքով տեղահան եղած մանկապարտէզներու պաշտօնէութեան, անոնց յատկացուց նիւթական օժանդակութիւն։ Այսօր ՀՕՄ-ը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Արցախի իրավիճակին եւ Արցախի ու Հայաստանի ՀՕՄ-ի միաւորներուն գործակցութեամբ, իր առաքելութիւնը կը շարունակէ օժանդակութիւն տրամադրելով տեղահանուած ընտանիքներուն եւ զոհուած զինուորներուն զաւակներուն։

Օժանդակութեան աշխատանքներուն նպատակով նուիրատուութեանց համար այցելելhttps://ars1910.org/withartsakh/։

1910-ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) 27 երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:

Մամլոյ հաղորդագրութիւններու եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել ՀՕՄ-ի մայր կայքէջըhttps://www.ars1910.org/ եւ դիմատետրի էջը– (@ars1910) :  

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն մասին հարցազրոյցներու համար դիմել՝

<< Back to Recent News