ARS Event During the 63rd Session of the United Nation’s CSW
New York, NY – The Armenian Relief Society (ARS), in collaboration with the Permanent Mission of Armenia to the United Nations (UN), held a panel discussion during the sixty-third session of the Commission on the Status of Women (CSW) Conference entitled, “Developing Infrastructure & Access to Public Services to Improve Gender Equality” on March 11, 2019, at the UN Headquarters in New York City, which was attended by a large number of member states, U.N. agencies, and ARS and other NGO leaders.
Ambassador Mher Margaryan of the Permanent Mission of Armenia to the United Nations gave introductory remarks, highlighting the importance of the CSW and the commitment of member states, UN institutions, and civil society in advocating for gender equality.
The first panelist, Anush Bezhanyan, a Practice Manager from the World Bank, focused on the statistics highlighting gender disparities persisting in Armenia today. The second panelist, Maria Mehranian, Western US Regional Chairperson of Armenia Fund, gave an overview of the organization’s extensive background and emphasized its vital contribution to the development of Armenia’s infrastructure. Mrs. Mehranian who is an engineer by profession, focused on how infrastructure can potentially promote and advocate for women’s empowerment. The last panelist was Dr. Nyree Derderian, the Vice-Chairperson of the Armenian Relief Society, who presented on the organization’s relief efforts within the Shirak Province immediately following the 1988 Spitak Earthquake. Dr. Derderian presented on ARS’s programs of “Soseh” Kindergartens and the Akhourian “Mother and Child” Health & Birthing Center, highlighting the importance of partnerships between the civil society sectors and governments in order to effectively advance the needs of women and girls in the country.
The panel-discussion was moderated by the ARS UN Coordinator, Christina Mehranbod, who in her closing remarks thanked the organizations and reminded the audience that the Armenian Relief Society, the All Armenia-Fund, and the World Bank can be seen in the trenches every day working towards the empowerment of women and girls through their multifaceted programs.
The two-week conference of the UN CSW will focus on topics related to social protection systems, access to public services and sustainable infrastructure for gender equality and the empowerment of women and girls and has drawn over 9,000 participants from across the world. Coming up this week, the ARS is also co-sponsoring another session—Subsistence Farming and Multisector Support for Social Protection of Nutrition— alongside the NGO Health Committee. Members of the ARS will also have an opportunity to attend numerous events in order to learn from other member states, UN agencies, and NGOs on how they can further advocate for women’s rights and promote gender equality.
Established in 1910, the ARS operates in 27 countries, serving the humanitarian needs of Armenians and non-Armenians alike. Through its avowed mission and numerous philanthropic projects, the organization has empowered women to make an impact on their communities and has promoted education, health, and humanitarian aid. The ARS has been involved in the United Nations for several decades and is on the consultative roster on the Economic and Social Council (ECOSOC).
Նիւ Եորք – Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան հետ գործակցաբար, Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 63րդ նիստին ընթացքին, Մարտ 11, 2019-ին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղւոյն մէջ ունեցաւ նիստ-քննարկում մը ուր արծարծուեցաւ թէ ինչպէս երկրի հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան յառաջացնել սեռային հաւասարութիւնը: Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿի բաժանմունքներու, եւ այլազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, Դեսպան Մհեր Մարգարյան իր բացման խօսքով ընդգծեց երկշաբթեայ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը եւ բոլոր երկիրներու, ՄԱԿ-ի հաստատութիւններու, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնառութիւնը՝ սատարելու սեռերու հաւասարութեան սկզբունքին։
Առաջին զեկուցաբերը, Ուրլտ Պանքի (World Bank) ներկայացուցիչ Անուշ Բեջանյանն էր, որ կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ տիրող սեռերու խտրականութեան ներկայ վիճակագրութեան վրայ։ Երկրորդ խօսնակը, Հայաստան հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ նահանգներու շրջանի ատենապետ, արհեստով ճարտարագէտ, Մարիա Մեհրանեանը տուաւ ընդհանուր պատկեր մը իր կազմակերպութեան մասին եւ ընդգծեց անոր կենսական ծառայութիւնները Հայաստանի հիմնակառոյցին զարգացման։ Ան կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէս հիմնակառոյցը կրնայ ազդել կիներու հզօրացման։ Վերջին զեկուցաբերը, Հայ Օգնութեան Միութեան Կենդրոնական վարչութեան Փոխ-ատենապետուհի, Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ՀՕՄ-ի անմիջական օգնութիւնը Շիրակի մարզէն ներս։ Դոկտ. Տէրտէրեան նաեւ նկարագրեց ՀՕՄ-ի Սօսէ մանկապարտէզներու եւ Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահական Կեդրոնին ու Ծննդատան ծրագիրներուն գործադրումը, ընդգծելով համագործակցութեան լայն դաշտը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ պետական հիմնարկներու միջեւ որ կրնայ գոհացնել կիներու եւ աղջիկներու անկապտելի իրաւունքներն ու կարիքները։
Աշխատանիստը վարեց ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-էն ներս աշխատանքները Համադրող՝ Քրիստինա Մեհրապոտը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն յիշեցուց թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը եւ Ուրլտ Պանքը ամէն օր իրենց գործունէութեամբ կ’աշխատին կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները պաշտպանելով:
Այս տարուան երկշաբթեայ Կանանց Յանձնաժողովի գլխաւոր նիւթն է՝ կիներու հզօրացումը՝ պաշտպանողական եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները եւ հիմնակառոյցի ընդմէջէն: Յանձնաժողովին պիտի մասնակցի աւելի քան 9,000 ներկայացուցիչներ որոնք Նիւ Եորք ժամանած են աշխարհի չորս կողմէն: Յառաջիկայ օրերուն, ՀՕՄ-ը, Առողջապահական Յանձնախումբին հետ միասին պիտի ունենայ իր երկրորդ նիստը եւ ՀՕՄի անդամները պիտի մասնակցին այլ ձեռնարկներու:
Հիմնուած 1910-ին, ՀՕՄ-ը կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, մարդասիրական աշխատանք տանելով անխտիր՝ հայ թէ օտար համայնքներէն ներս։ Նուիրուած իր առաքելութեան ու բազմաթիւ իր մարդասիրական ծրագիրներուն գործադրման, Միութիւնը զօրավիգ կանգնած է կիներուն՝ իրենց ամբողջական մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերելու իրենց գաղութներուն հզօրացման՝ դաստիարակչական, առողջապահական ու բարեսիրական մարզերէ ներս։ Տարիներէ ի վեր, ՀՕՄ-ը, որպէս լիիրաւ անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC), գործունեայ կը մնայ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն ներս։