ARS Continues its Commitment to Support Students through Scholarships

November 7, 2024

 

ՀՕՄԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ՝ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

     Հայ Օգնութեան Միութեան համար հայ ուսանողին թեւ եւ նեցուկ կանգնիլը միշտ եղած է առաջնահերթութիւն մը։ Իր հիմնադրութենէն ի վեր ՀՕՄը իր կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ կը ջանայ նպաստել հայ ուսանողին, որպէսզի ան անարգել շարունակէ իր ուսումը։

ՀՕՄի կթաթոշակին նպատակն է պատրաստել երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք համալսարական ուսումը ամբողջացնելէ ետք, իրենց գիտութիւնը ի սպաս կը դնեն գաղութային եւ հայրենիքին կարիքներուն։

     Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, ՀՕՄԻ Կեդրոնական Վարչութիւնը այս տարի եւս յատկացուց կրթանպաստ` դիմումնագիր ղրկած եւ բոլոր պայմանները ամբողջացուցած ուսանողներու, որոնք թիւով 30 էին, 13 տարբեր երկիրներէ։ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանին համար յատկացուեցաւ ընդհանուր $ 39,000 ։

    Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել «Երեմեան», «Ճիզմեճեան», «Պաղտոյեան» ,«Պալունեան» ,«Գալայճեան» ,«Վարդան Գրիգորեան» եւ « Ժանէթ Մարգարեան» ֆոնտերուն որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ ստեղծել այս ֆոնտերը:

115 ամեակի սեմին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան նպատակն է ուռճացնել ՀՕՄի կրթանպաստի ֆոնտերը, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն թիւով ուսանողներու օժանդակութեան հասնիլ: Նաեւ կարելի է յետ մահու ֆոնտեր հաստատել ուսանողական ծրագրերուն օժանդակելու նպատակով:

Նուիրատութիւններու համար կը խնդրուի այցելել ՀՕՄի կայքէջը: https://ars1910.org/give/

Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է 1910-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ան ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-յարանուանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ծառայէ հոգալու հայ ժողովուրդին մարդկային կարիքները եւ կը ձգտի պահպանել հայ ազգին մշակութային ինքնուրոյնութիւնը։

****

 

ARS Continues its Commitment to Support Students through Scholarships

Since its foundation, the Armenian Relief Society has been striving to support Armenian students by providing scholarships to ensure they can pursue their studies without interruption; The ARS Scholarship program aims to cultivate a new generation of professionals who, upon earning their university degrees, will serve both their communities and the homeland.

For many years, the ARS Central Executive Board (CEB) has awarded scholarships to students who completed the application form and met all requirements. For the 2024-2025 academic year, $39,000 scholarships were granted to the highest-scoring 30 students from 13 countries.

We want to express our deep gratitude to the benefactors behind the “Eremian,” “Jizmjian,” “Baghdoyan,” “Balounian,” “Kalaydjian,” “Vartan Gregorian,” and “Janet Markarian” funds, whose generous contributions have made these scholarships possible.

As we celebrate our 115th anniversary, the ARS CEB is reaching out to our benefactors and supporters for their generous donations. Your contributions will help us continue our efforts in assisting a more significant number of students through the ARS Scholarship and support a more substantial number of Armenian students worldwide. You can also leave a legacy to enable us to continue promoting and assisting. To donate, please visit https://ars1910.org/give/       

Established in 1910, the Armenian Relief Society operates in 26 countries, serving the humanitarian needs of Armenians and non-Armenians. Through its avowed mission and numerous philanthropic projects, the organization has empowered women to impact their communities and has promoted education, health, and humanitarian aid.

<< Back to Recent News