ARS Condemns Azeri Attack on Armenian Border

July 15, 2020

The Armenian Relief Society, a globally present humanitarian organization cannot be indifferent to the recent attacks that began on July 12, 2020, by the Azeri government against the peaceful populations and soldiers protecting the borders of the Republic of Armenia, on the Northeast border and the villages in the Tavush Province. As a member of the UN’s Economic and Social Committee (ECOSOC) and advocate of the United Nations Universal Declaration of Human Rights, we call on the international Humanitarian Community to take action and stand with the innocent residents of Armenia to raise awareness of the heinous Azeri attacks.

We call on Civil Society to take a stance against the aggression by Azerbaijan at this time, especially during the Covid-19 pandemic, when governments globally are trying to protect their citizens from the Coronavirus. Instead of standing together to overcome the pandemic, the Azeri government looks to disrupt the peace in the region, thus creating instability.

Therefore, we fervently condemn the Azeri government for its unprovoked aggression against the peaceful Armenian populations and damage caused by indiscriminate shelling of harmless villages and their residents. 

The Pan Armenian family of the ARS continues to stand in solidarity with the Armenian Nation and the Armenian People as proponents of hope in the defense and peace in Armenia and Artsakh. We, along with the Armenian Nation mourn the loss of the four soldiers who heroically fell defending our homeland and stand with their families to honor their loss. We wish the injured a steadfast recovery and support the Armenian Soldier defending our Nation.

###

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէս մարդասիրական, միջազգային հայկական կազմակերպութիւն եւ գործունեայ անդամ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին, խստօրէն կը դատապարտէ Յուլիս 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան շրջանի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերուն ուղղուած ռմբակոծումները եւ սահմանը խախտելու փորձերը։ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն սպառնացող հակահայ  այս քաղաքականութեան հետեւանքով թիրախաւորուած են  խաղաղ բնակավայրեր՝ վտանգելով  հայ քաղաքացիին կեանքը։ 

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր ռազմատենչ քաղաքականութիւնը կը շարունակէ առաւելաբար օգտուելով «Քորոնա» Ժահրին ստեղծած համաշխարհային ներկայ տագնապէն։ Առ այդ, կը դիմենք միջազգային հանրութեան եւ կառավարութիւններուն՝ դատապարտել Ատրպէյճանի կեցուածքը, քաղաքականութիւնն ու վերջին յարձակումները անտարբեր չմնալով թշնամական այս արարքին առաջ։ Նոյնանման գործողութիւններ կը սպառնան հայրենիքի եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան, միաժամանակ խախտելով ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց սկզբունքները։  

Բարձր գնահատելով Հայոց Բանակին կարողականութիւնն ու կամքը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր համահայկական կառոյցով, ինչպէս անցեալին, այսօ՛ր եւս նեցուկ կը կանգնի Հայրենիքին, Հայոց Բանակին եւ հայ ժողովուրդին՝ ի սպաս Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան։  ՀՕՄ-ը, համայն հայութեան կողքին, կը սգայ Հայոց Բանակի չորս հերոսներուն մահը, որոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին հայրենի հողը։

###

The form is not published.

<< Back to Recent News