ARS Central Executive Visits Artsakh DEC 2-5, 2022

December 22, 2022

ՀՕՄը Միշտ Արցախի Կողքին

Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022ին, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկհ  Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամ ընկհ. Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեան, ընկերակցութեամբ՝ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեանի, այցելեցին Արցախ ուր  կարգ մը կարեւոր հանդիպումներ ունեցան եւ կարեւոր  աշխատանքներ կատարեցին։ Ստեփանակերտի մէջ ՀՕՄի պատուիրակութեան միացաւ ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի Վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեանը։

Նոյն օրը, ժամը 13:30-ին, ՀՕՄի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ, որու ընթացքին անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ շարունակել զօրակցութիւնը Արցախի հանրապետութեան հզօրացման եւ անոր քաջարի ժողովուրդին աջակցութեան կարեւոր գործին։   

Ժամը 14:30-ին, ՀՕՄուհիները, գլխաւորութամբ՝ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթիւր Մոսիեանի, շինիչ հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ, որու ընթացքին նախարարը հետաքրքրուեցաւ ՀՕՄի կողմէ, ի նպաստ Արցախին տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն մասին։ Ան գոհունակութեամբ ողջունեց Արցախի սահմանամերձ գիւղերու մէջ ՀՕՄի կողմէ արեւային ջերուցիցչներու տեղադրումը, Ուսանող եւ Որբախնամ ծրագիրները։ Կարեւոր այս հանդիպման նրկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի Պետական նախարարի օգնականներ՝ Նարինէ Աղաբալեան եւ Յակոբ Իբճեան։

Երեկոյեան մտերմիկ հանդիպում-ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հետ, որու ընթացքին անգամ մը եւս շեշտուեցաւ ՀՕՄի մարդասիրական օգնութիւնը՝ արցախահայութեան նկատմամբ։

Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2022ին, առաւօտեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ արեւային ջերուցիցչներու տեղադրող «Շտիգէն» ընկերութեան պատասխանատուներէն պրն. Արմէն Խաչատրեանի հետ, որու ընթացքին ան զեկուցեց ընթացող աշխատանքներու եւ կարգ մը յաղթահարելի դժուարութիւններու մասին։ Յայտնենք մինչեւ ամանոր կը նախատեսուի սահմանամերձ գիւղերու 101 արցախցի ընտանիքներու բնակարաններուն  արեւային ջերուցիցչները տեղադրել։

Նոյն օրը ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ՀՕՄի մարդասիրական գործունէութեան մասին յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ Ապառաժի եւ Արցախի պետական ռատիոժամի հետ։

Երեկոյեան Կեդր. Վարչութեան անդամները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան  հետ, որու ընթացքին մօտէն ծանօթացան մասնաճիւղի բեղուն գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին։

Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022ի ամբողջ ցերեկը ընկերուհիներ Նայիրի Տէրտէրեան եւ Համեստ Պէօօճէքեան, ընկերակցութեամբ՝ ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի շրջանի ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսեանի եւ անդամ ընկհ. Տաթեւ Աղաջանեանի,  այցելեցին  Մարտունի շրջանի Ննգի, Մաճկալաշէն եւ Խնուշինակ սահմանամերձ գիւղերը, ականատես եղան տեղադրուած արեւային ջրացուցիչներուն, զրուցեցին գիւղացիներուն հետ եւ անոնց օրհնանքը ստանալով, մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան Ստեփանակերտ։

Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբերին ՀՕՄի պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզ, մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի Նելլի Ղուլեանի հետ։ Ապա, մանկապարտէզի աշակերտութիւնը հիւրերուն ներկայացուց գեղարուեստական գեղեզիկ ու տպաւորիչ յայտագիր մը, որ մեծապէս ոգեւորեց եւ մանաւանդ յուսադրեց պատասխանատու ՀՕՄուհիները։

Խոստմնալից այս փոքրիկներու ելոյթներու թողած անմոռանալի յիշողութիւններով աւարտեցաւ ՀՕՄի ազգանուէր չորսօրեայ օգտաշատ այս այցելութիւնը։  Երբ ՀՕՄը կը պատրաստուէր նորանոր ծրագիրներով շարունակել իր հայրենանուէր աշխատանքը Արցախի հանրապետութենէն ներս, ահա  պատահեցաւ անմարդկայինը։ Թշնամին փակեց Արցախը աշխարհին կապող Լաչինի միջանցքը, փորձլով ճնշել արցախահայութեան վրայ։ Սակայն ի զուր, արցախահայութիւնը վճռակամ է եւ երբեք չի լքեր իր հայրենի հողը, վստահ այն հաւատքով, որ Արցախը միայն ու միայն հայութեան կը պատկանի։

 

Armenian Relief Society is Always with Artsakh

On Friday, December 2, 2022, the ARS Central Executive Chairperson Nyree Derderian, and board
member Hamesd Beugekian, together with Maro Kechichian, the chairperson of the ARS of
Armenia, visited Artsakh, where they had a series of meetings and visitations. Lilit Martirosyan,
chairperson of ARS Artsakh joined the delegation in Stepanakert.
On the same day, at 1:30 PM, the ARS delegation met with the ARF Central Committee of Artsakh,
during which the task of strengthening the Republic of Artsakh and standing in unison with the brave
people of Artsakh was discussed.
At 2:30 PM, the ARS delegation, joined by Unger Arthur Mosseyan, had a constructive meeting with
Ruben Vardanyan, Minister of State of the Republic of Artsakh. The minister inquired about the
humanitarian efforts carried out by the ARS in Artsakh. He welcomed the ARS initiative of Solar
Artsakh, where 101 solar water heaters were installed in various villages, the “Sose” Kindergartens,
Children of Fallen Heroes, and educational programs. Narine Agabalian and Hagop Ipdjian,
assistants to the state minister for nonprofits, were also present at this critical meeting.
In the evening, an intimate meeting was held with the ARS Artsakh Executive Board, furthering the
outreach of Humanitarian Aid to Armenians in Artsakh was again emphasized.
On the morning of Saturday, December 3, with Mr. Armen Khachatryan from “Shtigen” energy
systems, he reported the success and difficulties of installing the 1 st phase of solar water heaters.
Furthermore, discussions were held about the start date of continuing the installation of solar water
heaters as well as installing Solar panels on the four remaining “Sose” Kindergartens.

ՀՕՄ-Մամլոյ Հաղորդագրութիւն թիւ 2019-23/023 ARS – Press Release 2019-23/023
Later in the day, Nyree Derderian had successive interviews with Abaraj Newspaper and Artsakh
State radio, discussing the Humanitarian efforts of the ARS.
A working meeting was held later in the evening, where ARS Artsakh and the ARS delegation
discussed the activities and programs of the entity.
On Sunday, December 4, the delegation, accompanied by Ungh. Lilit Martirosyan, board member
Tatevik Aghajanyan, and Svetlana Poghosyan visited the villages of Nnki, Machklashen, and
Khnushinak in the Martuni Region, where they witnessed the installed Solar Water heaters, spoke to
villagers and community leaders and returned to Stepanakert.
On Monday, December 5, the delegation visited the “Sose” Kindergarten in Stepanakert and held a
meeting with principal Nelly Ghulyan. Thus, the students presented a unique artistic program; the
kindergartners’ song and dance were inspiring and emotional and strengthened the ARS devotion to
stand in unison with the people of Artsakh.
The four-day visit to the Republic of Artsakh ended with unforgettable memories, the willpower of the
residents of Artsakh, and the faces of children that are the future of Artsakh. As we pledge to
continue our efforts in Artsakh, the unthinkable happened. The Road to Life, the Lachin corridor
connecting Artsakh to Armenia, was blocked, trying to oppress the Armenians of Artsakh. The
Determination of Armenians in Artsakh to continue to struggle for their rights and their determination
to live on their native land leaves, us confident that the Artsakh has and will always be Armenian.
The ARS vows to continue its efforts in Artsakh and to stand in unison with the people of Artsakh.
Do your part to stand with the people of Artsakh and donate to the ARS efforts.

For Solar Artsakh: www.ars1910.org/solarartsakh
For Sose Kindergartens: www.ars1910.org/give/
For Children of Fallen Heroes: https://www.ars1910.org/ars-sponsorships/
To Stand with Artsakh: www.ars1910.org/artsakhstrong/

 

318296341_3320105581608393_2257804332894861308_n

Image of

<< Back to Recent News