The ARS Supports “Tavoush for the Homeland”
Յայտարարութիւն – ՀՕՄը «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Կողքին | Statement - The ARS Supports “Tavoush for the Homeland”
Օրհասական եւ ճակատագրական պահեր կ’ապրի մեր հայրենիքը: Իշխանութիւնները լծուած են սահմանազատման եւ
սահմանագծման այնպիսի աշխատանքի մը, ուր ամբողջապէս կ’անտեսուի հայկական ինքնիշխան տարածքներու վերադարձի
ապահովումը եւ ճիգ կը թափուի ստեղծուած իրավիճակը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան առաջնորդող կացութիւն մը,
ուր բնականաբար միակ տուժողը հայկական կողմն է, իսկ շահեր արձանագրողը՝ Ատրպէյճանը:
Ի մտի ունենալով ընդհանուր իրավիճակէն առաջնորդուած դէպքերու եւ զարգացումներու հոլովոյթը, որուն բնական մէկ
արտայայտութիւնն է «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը՝ գլխաւորութեամբ Բագրատ սրբազան Գալստանեանին, Հայ
Օգնութեան Միութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կառոյցով կու գայ խոր ընդվզում յայտնելու հայրենի իշխանութիւններուն
վարած քաղաքականութեան կապակցաբար, շեշտը դնելով սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն ապահովութեան,
բարեկեցութեան եւ բարօր կեանքի մը իրաւունքին երաշխաւորման վրայ, որպէսզի հայրենիքին սահմաններուն հսկող մեր
գիւղերը վերածուին ամրակուռ դարպասներու եւ ոչ թէ դառնան անմարդաբնակ շրջաններ:
Առաջնորդուելով Հայաստանը հայուն հայրենիքը պահելու համազգային առաջադրանքէն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը,
իբրեւ հայութեան կողքին կանգնող մեծ կազմակերպութիւն մը, իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ «Տաւուշը
Յանուն Հայրենիքի» շարժումին եւ հայ մօր գուրգուրանքին կը միացնէ իր զաւակը ռազմաճակատ առաջնորդող հայուհիին
վճռակամութեամբ ուժեղացած կամքը, իբրեւ առաջնորդող առաջադրանք, թէ մեր հայրենիքը ոչ մէկ պարագայի կրնայ
վերածուիլ քաղաքական մութ հաշիւներու սակարկութեան նիւթի: Բոլորս սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն կողքին
ըլլալու ազգային պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք եւ կենսական է, որ այս պարտաւորութեամբ եւ ազգային
գիտակցութեամբ գործենք՝ ի շահ Հայաստան աշխարհին:
Հայ Օգնութեան Միութիւն
Once more, our nation is facing dire and excruciating circumstances as Armenian governmental
authorities undertake demarcation and delimitation efforts, completely neglecting the return of
Armenian sovereign lands. Simultaneously, these unilateral compromises are touted to the public as
pathways to peace, while in fact Armenia is the sole sufferer and Azerbaijan reaps the rewards of
this process.
Considering the ongoing developments that sparked the "Tavoush for the Homeland" movement
spearheaded under Archbishop Bagrat Galstanyan's leadership, the Armenian Relief Society and its
global entities express deep concerns regarding recent decisions taken by Armenian governmental
authorities. We stand united in safeguarding the well-being of the inhabitants of these bordering
villages and aiming to transform these protective outposts into bastions of strength rather than
abandoned territories.
Driven by the overarching goal of preserving Armenia as our homeland, the Armenian Relief Society,
a significant institution dedicated to the Armenian Humanitarian causes, pledges faithful support for
the "Tavoush for the Homeland" movement. We blend a mother's nurturing love with the resilience
and determination of Armenian women leading their children into recognizing that our homeland
should never be used as a pawn for political gain. It is our collective national duty to stand by the
residents of our border villages, acting with a sense of obligation and national consciousness for the
humanitarian needs, justice, peace and prosperity of Armenia.
Armenian Relief Society