Stand with Lebanon

A Call for Solidarity: Supporting the Lebanese Armenian Community

When we gather with our loved ones around the dinner table, let us remember those less fortunate and place an empty plate as a symbol of our compassion. While we may not have much to spare, this small act can significantly impact someone’s life. It may seem hard to believe, but people worldwide go hungry daily. However, helping those in need doesn’t require significant sacrifice. We can make a real impact by taking the initiative and supporting organizations dedicated to this cause.

The Lebanese Armenian Relief Cross, an entity of the ARS family, has been providing nutritious meals to fellow compatriots facing severe economic hardship through its “Hot Meal” program for many years. Today, Lebanon faces a dire humanitarian crisis due to war and financial instability. Countless refugees are in desperate need of food and shelter. The Lebanese Armenian Relief Cross remains committed to helping those affected by the crisis. However, the need for assistance is overwhelming. Due to recent bombings, people are homeless and displaced, and they are in urgent need of humanitarian aid. Numerous refugees are knocking on the doors of the Armenian Relief Cross, which is always open to those in need. We urge you to contribute to the “Hot Meal” program to ensure no one goes hungry. Your generous donation will help us provide continued nourishment so that no one goes to bed hungry among our Lebanese Armenian brethren facing unimaginable hardship.

Երբ ճաշի սեղանին շուրջ համախմբուած էք ընտանեօք, դատարկ պնակ մըն ալ զետեղեցէք սնունդ ստանալէ զրկուածի մը համար, վստահ շատ բան պիտի չպակսի ձեզմէ, բայց շատ մեծ բարիք ըրած պիտի ըլլաք նման սեղանէ ու սնունդէ զրկուածի մը։  Թերեւս անհաւատալի է, որ այս աշխարհին մէջ կան մարդիկ, որոնք օրեր շարունակ կը քնանան անօթի, բայց իսկապէս կան նմաններ, որոնց նուազագոյն օգնութիւն ցուցաբերելու համար մեծ զոհողութիւն չի պահանջուիր իւրաքանչիւրէս, այլ միայն պէտք է նախաձեռնել ու նուիրել այս առաքելութեան լծուած միութիւններուն։
ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին զաւակներէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը տարիներէ ի վեր լծուած է այդ առաքելութեան՝ «Տաք ճաշ» ծրագիրով սննդարար ճաշ մատակարարելով տնտեսական ծանր կացութիւն դիմագրաւող հայրենակիցներուն։ Այսօր Լիբանանի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական կացութիւնը ծանր է ու պատերազմական։ Ռմբակոծումներուն պատճառով մարդիկ անտուն են ու գաղթական, անոնք մարդասիրական անմիջական օգնութեան կարիք ունին։ Մեծաթիւ գաղթականներ կը թակեն ՀՕՄ-ի դռները, որոնք միշտ ալ բաց են իրեն դիմողներուն դիմաց։ Ինչպէս միշտ, այսօր եւս ՀՕՄ-ը կրկին Լիբանանի կողքին է ու նեցուկ «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրին, սակայն ծով կարիքներուն, օրուան հացէ իսկ զրկուածներուն հասնելու եւ մեր դռներն ու սրտերը միշտ բաց պահելու համար, շա՛տ կարեւոր է բոլորիդ ներդրումն ու ձեր սրտէն բխող լուման՝ հասնելու լիբանանահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որպէսզի ոչ ոք անօթի անկողին մտնէ։