Դիտեցէք «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանին կողմէ, Արեւմտեան Ամեպիկայի ՀՕՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի 35-ամեակին մասին պատրաստած լրատուութիւնը։ Read more

Դիտեցէք «Հորիզոն» հեռատեսիլի կատարած հարցազրոյցը Նայիրի Տէրտէրեանի հետ, ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի միաւորին կողմէ կազմակերպուած միութեան Հարիւրամեակի ձեռնարկի նախօրեակին՝ 16 Մայիս, 2010-ին։ Read more

Դիտեցէք «Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի կայանին կողմէ Ջաւախքի մէջ ՀՕՄ-ի ընձեռած առողջապահական ծառայութիւններուն մասին լրատուական ժապաւէնը։ Read more

Օրերս Մոսկուայի հայկական կազմակերպութիւններու ֆորումի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Յունիս 3-էն 6, 2010-ին աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանի հետ։

Read more

Մարդասիրական իր առաքելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը Սեպտեմբերէն Դեկտեմբեր 2009-ի միջեւ ընկերաբանական ուսումնասիրութիւն մը կատարած է Հայաստանի մէջ, պետական գրանցումէ չունեցող երեխաներու յայտնաբերման եւ անոնց իրաւական կարգավիճակի սրբագրման համար:
Read more

Յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով, Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը Հայոց Պատմութեան Մրցոյթ կազմակերպեց Ջաւախքի դպրոցական աշակերտներուն համար։ Read more

7 Մայիս, 2010-ին ՀՕՄ-ն ու Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը համաձայնագիր մը կնքեցին, որու հիմամբ տարին մէկ ուսանող Արցախէն եւ մէկ ուսանող Ջաւախքէն առիթը պիտի ունենան Հայկազեան Համալսարանէն ներս իրենց քառամեայ կրթութիւնը շարունակելու։ Read more

«ՀՈՐԻԶՈՆ» Շաբաթաթերթ (Սալբի Խրիկեան).- Յաղթանակի եւ ցնծութեան գիշեր էր: ՀՕՄ-ուհիները իրենց ամիսներու բծախնդիր աշխատանքին արդիւնքը կը վայելէին այդ օրը: Անցեալի յուշերը, աշխոյժ ներկան եւ ապագայի ծրագիրները միաձուլուած էին այդ պատմական օրուան մէջ: ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը` իր երեք մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ, ՀՕՄ-ի հարիւրամեակը կը տօնէր 1 Մայիս, 2010-ին: Read more

ՈՒՈՒՏԼԸՆՏ ՀԻԼԶ («Ասպարէզ»).- Հայ օգնութեան միութեան հարիւրերորդ տարեդարձը նշելու համար, շուրջ վեց հարիւր ՀՕՄուհիներ, բարեգործական այս մեծ կազմակերպութեան համակիրներ ու զօրակիցներ Կիրակի, 16 Մայիսի երեկոյեան հաւաքուած էին Ուուտլընտ Հիլզի «Մարիոթ» հիւրանոցի սրահը, ուր իրենց կը սպասէր դարադարձը նշելու կոչուած յատուկ յայտագիր մը: Read more

Հայաստանի մէջ ՀՕՄ-ի Եղեգնաձորի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած միութեան Հարիւրամեակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Մայիս, 2010-ին։ Մասնաճիւղի ատենապետուհիի, Երեւանի Համալսարանի Եղեգնաձորի մասնաճիւղի տնօրէնի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Անի-Աղաւնի Մինասեանի կարճ խօսքերէն ետք, Գլաձոր գիւղէն երեխաներու օգնութեամբ 80 ծառեր ցանուեցան համալսարանի շրջափակէն ներս։ Read more