ՀՕՄ-ը «Լաւագոյն Ուսանող« Ծրագիրը հաստատած է 1995-ին, պարգեւատրելու համար Հայաստանի լաւագոյն համալսարանական ուսանողները, որոնց ընտրութիւնը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթական Նախարարութեան ու Հայաստանի ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կազմուած միացեալ յանձնախումբի մը միջոցաւ։

Աւելի ուշ, Լաւագոյն Ուսանող Ծրագիրը ընդլայնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ եւս կիրարկուելու համար։ 2005-ին ՀՕՄ-ը որոշեց այս ծրագիրը գործադրել նաեւ Ջաւախքի մէջ։ Արցախի եւ Ջաւախքի պարագային լաւագոյն ուսանողներու ընտրութիւնը կը կատարեն ՀՕՄ-ի տեղական վարչութիւնները։

Լաւագոյն Ուսանող Ծրագիրը իր ընտրած իւրաքանչիւր ուսանողը կը պարգեւատրէ հարիւր ամերիկեան Տոլարով։

1995-էն 2009 տարիներուն միջեւ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Լաւագոյն Ուսանող Ծրագրին յատկացուցած է 92 հազար ամերիկեան տոլար։ Ամէն տարի, Հայաստանէն եւ Արցախէն նուիրատուներ քանի մը հազար տոլարով կը բարձրացնեն Լաւագոյն Ուսանող Ծրագրին յատկացուած գումարը։


Comments

Name (required)

Email (required)

Website

Speak your mind

  • ԼԵԶՈՒ

    • հայերէն հայերէն
    • english english
    • Դիմատետրի մեր էջը

    • Donate to Camp Javakhk

    • ԱՐԽԻՒՆԵՐ